2012-05-08 12:32:45

Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ Հաստատութիւնները Հաւատարիմ Մնալու են Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան` կ՛ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը


Ընդունելով Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց դասէն կարք մը եպիսկոպոսներ իրենց Հռոմ կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընգծեց Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ հաստատութիւններու կարեւոր դերը <<մարդկային ճշմարիտ քաղաքակրթութեան վրայ արմատացած ըկերութեան մը կառուցման>> ի սպաս ու հրաւիրեց սոյն հաստատութիւնները պահպանելու` կաթողիկէ իքնութիւնը եւ հաւատարիմ մնալու Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան։
Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց Միացեալ Նահանգներու կաթողիկէ դպրոցներու <<թանկաժէք ժառանգութիւնը>> ու փափաք յայտնեց որ բոլոր ընտանիքներուն կարելիութիւն ընծայուի սոյն հաստատութիւնները յաճախելու, անկախ իրենց ֆինանսական կարողութիւններէն, հաստատելով որ Կաթողիկէ դպրոցները <<նոր աւետարանութեան հիմնական աղբիւրներ են եւ Միացեալ Նահանգներու ընկերութեան կարեւոր մէկ բաժին։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ անդրադարձաւ <<Սրտերը կերտելու>> պահանջին` քաջալերելով երիտասարդ ուսանողները <<ներդաշնակ տեսութիւն ունենալու հաւատքի եւ բանականութեան միջեւ>>։ Բաւարար չէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - քրիստոնէականի պարզ ուսուցումի երաշխաւորումը` այլ հարկ է որ դաստիարակները ունենան մտային անկեղծ գորով ու նուիրածութիւն որպէսզի <<հիմնական միութեան մէջ>> լիացնեն հաւատքն ու ապրելակերպը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.