2012-05-08 12:32:56

Էջ Մը Հայոց Պատմութիւնէն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՀՌՈՄԻ ԵՒ ՍԱՍԱՆԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ
(224 – 252)


224 թուին` Պարսկաստանի մէջ մեծ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ. Պարթեւներու փոխարէն երկրի վրայ իշխեցին Սասանեան Պարսիկները։
224-ին կ՛իշխէր Իրանի վրայ Արտաւան պարթեւ թագաւորը. Իր պարսիկ փոխարքաներէն մին` Արտաշիր, ընդդիմացաւ դէմը եւ երեք մեծ ճակատամարտներ մղելէ ետք` վերջնականապէս տիրեց բոլոր երկրին. Ջնջեց պարթեւական արշակունիներու տոհմը եւ սկսաւ Սասանեան հարստութիւնը, որ պիտի տիրէը մինչեւ 640 թուականը, Արաբներու արշաւանքը։
Արտաշիր Ա. թագաւոր Պարսկաստանի
Արտաշիր Ա. իշխեց Պարսկաստանի վրայ 224-241 եւ շատ մեծ փոփոխութիւններ ներմուծեց երկրին մէջ։ Վերադարձուց հին զրադաշտական կրօնը, կամ Ահուրա-Մազտայի պաշտամունքը, որ Զօրօասդր մեծ փիլիսոփան հիմնած էր Քրիստոսէ առաջ 5-րդ դարուն։ Վերանորոգուեցան իրանեան հին աւանդութիւնները։ Սակայն հիմնապէս փոխուեցաւ երկրին քաղաքականութիւնը։ Սասանեանները ստեղծեցին կեդրոնացեալ պետութիւն մը, որ կը կառավարուէր սատրապներով, կամ մարզպաններով եւ չէր հանդուրժեր տեղական կիսանկախ թագաւորներ.
Պիտի տեսնենք յետագային թէ ինչ աւերներ գործեց այս քաղաքականութիւնը Հայաստանի վերաբերմամբ։
Սակայն անոնց հաստատած կարգ ու սարքը, գիտութիւններու եւ մշակոյթի հանդէպ սէրը` հաստատ հիմերը դրին իրանեան նոր ու գերադաս քաղաքակրթութեան մը, որ յետագային իր ազդեցութիւնը պիտի ունենար նաեւ Արաբներու վրայ։
Հայաստան կը կապուի Հռոմի, ընդդէմ Պարսիկներու
Հայաստանի դիրքը բոլորովին փոխուեցաւ։ Իրենց թագաւորական ընտանիքը կը սերէր պարթեւներէն. Արշականունիները նաեւ թագաւորներն էին Հայաստանի. Պարթեւ վերջին թագաւորին` Արտաւանի գահընկէց ըլլալէն ետք` Հայերը թշնամացան Պարսիկներուն, մանաւանդ որ անոնք, հիմնուած իրենց նոր քաղաքականութեան վրայ, ուզեցին ջնջել նաեւ Հայոց թագաւորութիւնը եւ անոր տեղ դնել մարզպան մը, կամ կառավարիչ մը, բոլորովին ենթակայ պարսկական իշխանութեան։ Պարսիկները յարձակեցան Հայաստանի վրայ 228-ին, սակայն ետ մղուեցան։ Հռոմի Աղեքսանդր Սեւերիոս կայսրը պաշտպան կանգնեցաւ Հայերուն եւ մեծ զօրքով եկաւ Պարսկաստանն ու Միջագետքը նուաճելու. Մինչ հռովմա-հայկական ուժերը նուաճեցին պարսիկները Տիզբոնի եւ Ատրպատականի մէջ, կայսերական լէգէոնները սակայն պարտութեան մատնուեցան Միջագետքի մէջ։
Խոսրով Ա. թագաւոր Հայաստանի
Գրեթէ երեսուն տարի տեւող այս պատերազմներու ընթացքին, ընդմէջ Հռոմի եւ Պարսկաստանի, Հայաստանի վրայ կ՛իշխէր Խոսրով Ա. (228-252)։ Այս մեծ թագաւորը դաշնակից եղաւ հռովմայեցիներուն եւ ամէն ձեւով օգտակար ու զօրաւիգ դարձաւ անոնց, խրախուսելով պարտուած լէգէոնները որ չյուսալքուին եւ շարունակեն պատերազմը։ Պարսիկները ի վերջոյ յաջողեցան զինք դաւադրութեամբ սպաննել, Անակ անունով պարթեւ իշխան մը ղրկելով իր մօտ, իբրեւ թէ ան փախած ըլլար Սասանեան պարսիկներու քովէն եւ կ՛ապաստանէր Հայերու Արշակունի թագաւորի մօտ։ Որսի մը ատեն, դաւաճանաբար ան սպաննեց հայոց թագաւորը։ Խոսրովի որդին` Տրսատ պիտի յաջորդէր իր հօրը. Մինչ այդ քրիստոնէութիւնը մուտք կը գործէր Հայաստանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.