2012-05-08 13:16:57

Զալքայի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ, Առաջին Ս. Հաղորդութիւն Կը Ստանան Համայնքի Զաւակները։


Կիրակի 6 մայիսի կէսօրին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, հայածէս Ս. Պատարագի ընթացքին զոր մատոյց ժողովրդապետը գերապատիւ Հ Նարեկ վրդ. Լուիսեան 16 հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ ստացան իրենց Առաջին Ս Հաղորդութիւնը։
Ս Խաչ եկեղեցին լեցուն էր անոնց ծնողներով, ազգականներով ու բարեկամներով որոնք եկած էին մասնակցելու այս ուրախ առիթին։
Իր արտասանած քարոզին մէջ Հայր Նարեկ շեշտը դրաւ հայ ընտանիքի դերին ու հայ ընտանիք ըլլալու վսեմ առաքելութեան։
Հայ ընտանհիքը առաջին դպրոցն է ուր մանուկը կը ստանայ հայեցի եւ հոգեւոր կրթութիւն ու դաստիարակութիւնը։ Ասոր համար, աւելցուց վարդապետը, հայրեր ու մայրեր պարտին ըլլալ տիպար ու բարի օրինակ հանդիսանալ իրենց զաւակներուն ջամբելով անոնց ՜՜Սէր եւ Հաւատք Աստուծոյ ու նաեւ Հայրենիքի հանդէպ՝՝։
Պատարագի ընթացքին Ս Հաղորդութիւն ստացող 16 պատանիները, մերթ ընդ մերթ երգեցին պատարագի շարականները ու արտասանեցին աղօթքներ։ Յաւարտ Ս պատարագին Հ. Նարեկ իւրաքանչիւր պատանիին նուիրեց Խաչքար մը, վարդարան մը եւ Առաջին Հաղորդութեան վկայականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.