2012-05-07 13:54:04

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Արժանթինի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Կիրակի, 13 մայիսին, (2012), Պուէնոս Այրէսի Նարեկի Տիրամօր նուիրուած հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի պիտի ունենայ Տ. Կոմիտաս Սէպասթիէն սրկ. Լոբէսի քահանայական ձեռնադրութիւնը, զոր պիտի կատարէ, հայածէս ձայնաւոր Ս պատարագի ընթացքին, արհի. Վարդան եպ. Պօղոսեան՝ առաջնորդը արժանթինահայոց Ս Գր. Նարեկացի թեմին եւ Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց։ Աղօթքով կը միանանք Կոմիտաս սարկաւագին որպէսզի արժանանայ քահանայութեան վսեմ կարգին ու ծառայէ արժանթինահայ հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.