2012-05-07 12:25:25

Վատիկանի Մէջ Կլոր Սեղան Մը Մարմնավաճառութեան Նիւթին մասին։


Կանխատեսել եւ զոհերուն օգնութեան հասնիլ հովութեան ճամբով։
Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդը 8 մայիսին Վատիկանի մէջ կը կազմակերպէ խորհդաժողով մը մարմնավաճառութեան նիւթին մասին` թէ ինչպէս կանխատեսել եւ զոհերուն օգնութեան հասնիլ հովութեան ճամբով։ Կլոր սեղանին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Անգլիոյ մարմնավաճառութեան դէմ կեդրոնի ենթաքարտուղարը, Լիթուանիայի Գարիթասը եւ անգլիացի կրօնաւորուհի Իմելտա Փուլ` Ալպանիայի Յոյս ընկերակցութեան հիմնադրուհին ։ Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ աշխարհի զանազան երկիրներու ներկայցացուցիչներ, լեհ զինւորներ եւ ԱՄՆի գաղտնի ոստիկանութենէն կարեւոր անձնաւորութիւն մը։
Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդը այս խորհրդաժողովի միջոցաւ կ'ուզէ իր նպաստը տալ մարմնավաճառութեան դէմ պայքարին։ Ամէն օր, կը յայտնէ Քահանայապետական Խորհուրդը, բազմաթիւ այրեր եւ կիներ ու նաեւ մանուկներ կը գնուին ու կը ծախուին մարմնավաճառութեան, տան սպասաւորութեան, շինարարութեան ու հողամշակոյթի բռնի աշխատանքներու ի շահլ։ Այս առեւտուրը, համաշխարհային գետնի վրայ, նկատուած է որպէս ամենաշահաբեր երկրորդ քրէական գործունէութիւնը զէնքի ապօրինի վաճառքէն ետք։ Եկեղեցին ի վաղուց եւ միշտատեւ դատապարտած է այս ապօրինի գործունէութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.