2012-05-07 13:54:14

Լուրեր Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Դպրեվանքէն։


Ուրբաթ 11 մայիսին Զմմառու վանքին մէջ , կազմակերպութեամբ՝ Լիբանանի մօտ ֆրանսայի դեսպանութեան ու Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան, Գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ։
Կիրակի 13 Մայիսին, նախաձեռնութեամբ՝ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան վարչութեան եւ մասնակցութեամբը՝ ժառանգաւորներուն ու քահանաներուն, Այնթուրայի մէջ պիտի նշուի Այնթուրայի 300 հայ որբերու յիշատակը եւ Լիբանանի նահատակաց օրը, Ս Պատարագով հոգեհանտգստեան պաշտօնով հայ որբուկներու ու նաեւ Լիբանանի անկախութեան համար նուիրուած անձերու հոգիներուն համար, պատրաստուած է ոգեկոչման յատուկ արարողութիւն մը։
Նշենք թէ լիբանանահայ հետազօտող Միսաք Քելեշեանի ջանքերով ի յայտ եկան փաստեր եւ տեսանիւթեր. թէ՝ ՜՜ Մեծ եղեռնէն ետք լիբանանեան Այնթուրա շրջանին մէջ երիտասարդ թուրքերու կողմէ ստեղծուած պետական որբանոցին մէջ հայ որբերու թրքացման քաղաքականութիւնը կը կիրարկուէր. ըստ Քելեշեանի՝ որ (ինչպէս ըսինք բացայայտողը եղաւ Այնթուրայի որբանոցի 300 հայ որբերու ճակատագրին) այս քոլեճին մէջ Ճեմալ փաշայի եւ Խալիտէ Էտիպի գլխաւորութեամբ հայ մանուկները թրքացման եւ իսլամացման ենթարկուեցան: Անոնք (300 հայ որբերը) մահացան քոլերայի, անօթութեան եւ տանջանքի պատճառով ու թաղուեցան եկեղեցւոյ խորանին ետեւ:
1993-ին, երբ քոլեճը ընդլայնելու աշխատանքներուն պատճառով փորեցին գետինը, հոն գտան հայ որբերուն աճիւնները, որոնցմէ մաս մը հաւաքելով թաղեցին մեծաւորներու գերեզմաններուն մէջ: 2010-ին հայր Անթուան Նաքատ փոքր` 30 քառ. մեթրնոց հողաշերտ մը նուիրեց, որպէսզի հոն յուշակոթող եւ տապանաքար զետեղուի:
Մեծ Եղեռնի ու նաեւ հայ որբերուն յիշատակը ամէն տարի կը նշուի անոնց հոգեներու հանգստեան համար եւ որպէսզի նման արարքներ այլեւս չկրկնուին ու արդարութիւնն ու խաղաղութիւն տիրէ ամենուրեք ու մարդոց սրտերուն մէջ։

Զմմառու վանքի հոգեւոր ու մշակութային ձեռնարկներէն յիշենք թէ յառաջիկայ 27 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Զմմառու Ուխտի օրը անոր ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Թեմին Առաջին Հաղորդութիւն ստացողները։
Իսկ 30 մայիսէն մինչեւ 7 Յունիս, Ուրբաթագիրքի՝ հայերէն առաջին գրքի տպագրութեան 500-րդ տարեդարձը պիտի նշուի ՜՜ Գիրի եւ Լոյսի ուղեւորութիւնը- Ազգի մը հետքերն ու նշանները (1512- 2012) տարիները թեմայով գիրքերու ցուցահանդէսը կազմակերպուած՝ ՜՜ֆէօնիքս՝՝ լիբանանեան գիտութեանց կեդրոնի կողմէ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.