2012-05-07 12:34:34

Ինտոնեզիոյ Կաթողիկէները Եւ Մահմետականները, Միասնաբար Կ'աշխատին Միջկրօնական Խաղաղութեան Ի Խնդիր, Շնորհիւ՝ Սանթ Էճիտիոյի Հասարակութեան Միջամտութեան։


Սանթ Էճիտիօ կաթողիկէ հասարակութիւնը, մայիս մէկին համաձայնագիր մը ստորագրած է Ինտոնեզիայի ''մուհամատիա'' կոչուած իսլամական Բ. կազմակերպութեան հետ, որուն մէջ նշուած է երկկողմանի պատրաստակամութիւնը, միասնաբար համագործակցելու՝ միջկրօնական երկխօսութեեան, հանդրժողութեան մշակոյթի մը զարգացման, խաղաղ համակեցութեան, ընդհարումները լուծման, խաղաղութեանն փնտռտուքի ու մարդասիրական օգնութիւններու ի խնդիր։

Յայտնենք որ Սանթ Էճիտիօ-ն, աշխարհականներու կաթողիկէ կազմակերպութիւն մըն է, հիմնուած Հռոմի մէջ` 1968-ին, փրոֆ. Անտրէա Ռիքքարտիի կողմէ։ Անոր գլխաւոր նպատակներէն է. Պայքարիլ աղքատութեան դէմ, օգնութեան հասնիլ ընչազուրկերուն, աշխատիլ օրէնսդրական մահապատիժի ջնջումի ի նպաստ ու կլոր սեղաններ կազմակերպել միջկրօնական երկխօսութեան ի խնդիր։ Միջազգային գետնի վրայ վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը բազմաթիւ միջամտութիւններ կատարած է զանազան երկիրներու մէջ ինչպէս. Մոզամպիքի, Քոսովոյի ու Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.