2012-05-07 12:39:02

Ժընեւի Բողոքական Եկեղեցին Կը Դատապարտէ Մարմնավաճառութիւնը Զուիցերիոյ մէջ։


Զուիցերիոյ մէջ անչափահասներու մարմնավաճառութիւնը տակաւին արգիլուած չէ, այդ պատճառաւ Ժընեւի Բողոքական Եկեղեցին բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿին խնդրելով որ դատապարտէ ու վերջ դնել տայ անչափահասներու մարմնավաճառութեան։
Ամբաստանողներու գնահտումով ամէն տարի 1500-3000 հոգիներ զոհ են մարմնավաճառութեան։ ՄԱԿը Զուիցերիայէն խնդրած է որ հետապնդուին ու դատապարուին այս արարքի յանձաւորները եւ հակառակ որ Զուիցերիան պատրաստակամութիւն յայտնած էր համագործակցելու եւ գործադրելու ՄԱԿի յանձնարարութիւնը սակայն մինչեւ օրս անչափահասներու մարմնավաճառութեան դէմ օրէնք մը չէ կայացած Զուիցերիոյ մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.