2012-05-07 13:54:25

Այսօր 7 Մայիս Սուրիոյ Բազմակուսակցական Ընտրութիւնները։ Առաջինը Վերջին 50 Տարուան Ընթացքին ։


Այսօր Սուրիոյ մէջ սկսան վերջին 50 տարուան ընթացքին կատարուած առաջին ժողովրդավարական , բազմակուսակցական ընտրութիւնները:

«Պաաս» իշխող կուսակցութիւնը, որ 2012-ի Փետրուարին ընդունուած նոր Սահմանադրութեան համաձայն կորսնցուցած էր «առաջնորդող եւ ղեկավարող ուժ»ի կարգավիճակը, ընտրութիւններուն կը մասնակցի միւս կուսակցութիւններուն հետ հաւասար պայմաններով:

Ժողովրդական խորհուրդի մէջ, որուն կէսը նախատեսուած է աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու ներկայացուցիչներու համար, 250 տեղի համար կը պայքարին 7195 թեկանածուներ , որոնցմէ 710-ը` կիներ:
Ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ 14,7 միլիոն հոգի : Ձայնի իրաւունք ունի 18 տարեկանէն բարձր իւրաքանչիւր անձ` ի բաց առեալ ծառայութեան մէջ գտնուող ոստիկաններն ու զինուորականները:

Սուրիոյ Իշխանութիւնները կը խոստանան իրականացնել «ազատ, թափանցիկ եւ ազնիւ» ընտրութիւններ, սակայն ընդդիմութեան կարծիքով 14 ամիս շարունակուող խռովութիւններու պայմաններուն մէջ անհնար է անցնել ազատ ընտրութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.