2012-05-06 10:25:48

՜՜Օգնական Տիրամայր՝՝ Անուան Իգական Միաբանութեան Հիմնարկութեան 140ամեակը։


Միաբանութիւնը շարժապատկերով մը կը ներկայացնէ իրենց հիմնադրուհին՝ սրբուհի Մարիա Մացարելլօ-ն։
՜՜Օգնական Տիրամայր՝՝ կոչուած իգական միջազգային միաբանութիւնը ծնունդ առաւ 1872-ին։ Այս տարի կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 140-ամեակը։ Այս առթիւ միաբանութիւնը պատրաստեց կինօ մը, հիմնադիր սրբուհիի կեանքին մասին։ Այսօր Օգնական Տիրամօր իգական միաբանութիւնը ներկայ է 94 երկիրներու մէջ տնօրինելով 1.436 տուն։ Ափրիկէի մէջ 502 կրօնաւորուհիները կը կառավարեն 93 տուներ։ Ասիոյ մէջ 2.430 կոյսերը կ'ապրին 324 տուներու մէջ։ Ամերիկայի մէջ անոնք կը հաշուեն 4.188 նուիրեալներ եւ կը գործեն 524 հաստատութիւններու մէջ։ Եւրոպայի մէջ 6.215 քոյրերը ունին 485 կեդրոններ։ Իսկ Ոկեանիոյ մէջ անոնք կը հաշուեն 47 քոյրեր որոնք բաժնուած են 10 տուներու մէջ։
Սրբուհի Մարիա Մացարելլոյի նուիրուած կինոն, որ ունի որպէս վերնագիր` ''Մարիամ` երջանկութեան տունը'' կը պատմէ կարճատեւ կեանքը, 44 տարի, սակայն խիստ շահեկան կրօնաւորուհիի մը, որ 23 տարեկանին ժանտատենդային հիւանդութենէն կը բռնուի։ Առողջութեամբ դիւարաբեկ ինքզինք կը նուիրէ դերատի աղջիկներու դաստիարակութեան։
1864-ին հանդիպում կ'ունենայ Տօն Պոսքոյի հետ` հիմնադիրը սալեզեան միաբանութեան եւ միասնաբար կը հիմնեն Օգնական Տիրամօր նուիրուած իգական միջազգային միաբանութիւնը։ 14 մայիս 1881ին՝ ան Նիցա Մոնֆեռադոյի մէջ կը վախճանի։ Պիոս 11-րդ Քահանայապետը 1938-ին զինք երանուհի կը հռչակէ։ Իսկ Պիոս 12-րդ Քահանայապետը 1951ին զայն կը սրբադասէ։
Սրբուհի Մարիա Մացարելլոյի նուիրուած՝ կինոն կ'եզրափակուի, ցոյց տալով միաբանութեան ներկայութիւնը՝ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.