2012-05-05 12:40:05

Քահանայապետներու Զուիցերական Պահակազօրքի 26 Նոր Զինուորագրեալներու Երդման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը։


Ամէն տարի 6 Մայիսին տեղի կ՝ունենայ Քահանայապետներու Զուիցերական Պահակազօրքի նոր զինուորագրուողներու հանդիսաւոր երդումը, Վատիկանի Սուրբ Տամասոսի անուան բակին մէջ։ Արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ ամէն տարի 6 Մայիսին, ի յիշատակ 1527-ի 6 Մայիսին զոհուած 147 Զուիցերացի Պահակներուն,որոնք իրենց կեանքը զոհեցին,փրկելու համար Կղեմէս Է.Պապին կեանքը։ 147 Զուիեցրացի Պահակները ինկան Սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ,ու Եկեղեցիին մէջ,կռուելով իրենցմէ շատ աւելի հզօր թշնամի ուժերուն դէմ։

Հաւատարիմ Պահակները հնարաւորութիւն ընծայեցին այսպէս Կղեմէս Է.Պապին իր 42 պահակներովը ապաստանելու Գասթէլ Սանթ Անճելօ Դղեակը(ժամանակին ջուրով շրջապատուած Castello S.Angelo Դղեակը ) որը նեղ ու երկար փապուղիով մը կապուած է Սուրբ Պետրոս Տաճարին,որ այսօր եւս գոյութիւն ունի,եւ կարելի է տեսնել ։ 1527-ի Հռոմ քաղաքի այս գրաւումը պատմութեան անցած է՝՝ Sacco di Roma՝՝ ըլլալով որ կը նշանակէ ՝՝Կողոպուտը Հռոմի՝՝։

Զուիցերացի Պահակներու պաշտօնը որոշուած է 6 Մայիս 1959-ի Սահմանադրութեան առաջին յօդուածին մէջ։ Անոնց Զօրագունդին արդարեւ յանձնուած է Սրբազան Քահանայապետի անձին պաշտպանութիւնը։ Ասկէ զատ անոնք կը հսկեն անոր բնակարանին,վատիկանեան քաղաքի մուտքերուն եւ երթեւեկութեան կանոնաւոր ընթացքին, ապա տեղեկութիւններ կուտան ուխտաւորներուն եւ կը հսկեն որ ոչ մէկը վատիկանեան հողամասէն ներս մնտէ առանց հարկ եղած աըտօնութեան։ Հանսիաւոր արարողութեանց,ունկնդրութեանց պետական անձերու եւ դեսպաններու այցելութեան ընթացքին միշտ ներկայ ըլլալով կարգապահութեան ու պատուոյ պահակներուճ դերը կը կատարեն։
26 Զուիցերացի Նոր Պահակները իրենց ծնողներու ու ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին ներկայ պիտի ըլլան Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ առաւօտեան ժամը 7.15ի Սուրբ Պատարագին, որ պիտի մատուցէ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ։ Ապա ժամը 10.30ին(իտալիոյ ժամով) Վատիկանի Քահանայապետական Պալատի Սուրբ Տամասոսի անուան Բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Երդման հանդիսաւոր ու պատմական Արարողութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.