Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները՝Վաղը Մայիս 6-ին։ Դժբախտ Պատահար` Հանրապետական
Կուսակցութեան Հանրահաւաքին Ընթացքին։ Պայթումէն վիրաւորուած 75 Հոգի դեռ Հիւանդանոց
կը Գտնուին։
Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս վերջ գտաւ 6 Մայիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու
նախընտրական քարոզարշաըը։Այսօր Մայիս 5 յայտարարուած է «լռութեան օր», որը կը նշանակէ
թէ ` քաղաքական քարոզչութիւնը արգիլուած է։ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի տեղեկութեամբը
` տպուած են 2 մլն 597 հազար քուէաթերթիկ` համամասնական, եւ 2 մլն 550 հազար քուէաթերթիկ`
մեծամասնական ընտրակարգի համար: Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն կը հետեւին 31
հազար 418 ներկայացուցիչներ տեղական 53 կազմակերպութիւններէ, եւ 647 դիտորդներ ` 11
Միջազգային Կազմակերպութիւններէն ու Հայաստանի մօտ Հաւատարմագրուած Դիւնագաիտական Ներկայացուցչութիւնները
։ Մայիս 6-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն կը մասնակցին քաղաքական ինը Ուժեր ,
որոնցմէ 8-ը` Կուսակցութիւն, իսկ մէկը` Դաշինք: Թէ՛ Հայաստանի միջազգային վարկը,
թէ՛ ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութեանց դիրքերը, թէ՛ ներքին ճակատի
վրայ Հայաստանի ժողովուրդին սեփական ապագան հայրենի հողին վրայ տեսնելու, կառուցելու
ոգին, մեծապէս կախեալ է այս ընտրութիւններու ընթացքէն: Իսկապէս ռազմավարական նշանակութիւն
ունի այս ընտրութիւններուն արդարութեան վարկանիշի ապահովումը, եւ միայն բարձրագոյն վարկանիշի
ապահովումով կարելի է անցեալի աւերներէն ձերբազատուելու, ուժեղ պետութիւն կառուցելու
ճանապարհը բանալ:
Իսկ երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ
Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան կազմակերպած հանրահաւաք-համերգին ընթացքին պայթած
են կազով լեցուած տօնական փուչիկները: Փուչիկներու բռնկումի վայրին մէջ գտնուողները
ստացած են մարմնական վնասուածքներ ու անմիջապէս տեղափոխուած Երեւանի հիւանդանոցները:
Փուչիկներու պայթումէն տուժածներուն թիւը աւելի քան 75 է: Այս մասին Tert.am-ը տեղեկացած
է Առողջապահութեան Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն: Դէպքէն ետք
նախագահ Սերժ Սարգսեան ժողովուրդին յղեց հետեւեալ ուղերձը: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հանրապետութեան
Հրապարակի պատահարը հարուած էր բոլորիս համար: Փա՛ռք Աստծոյ, խուսափեցինք անդառնալի հետեւանքներից:
Այս պահին բոլոր տուժածները ստանում են անհրաժեշտ օգնութիւն, իսկ հետագայ վերականգնման
ժամանակ, հարկ եղած դէպքում, Հայաստան կը հրաւիրուեն նաեւ լաւագոյն մասնագէտներ արտերկրից: Իրաւապահ
մարմինները սկսել են հետաքննութիւնը, մեղաւորները կը յայտնաբերուեն եւ պատասխանատուութեան
կ՛ենթարկուեն օրէնքով սահմանուած կարգով: Յորդորում եմ բոլորին պահպանել սառնասրտութիւն:
Աղօթե՛նք տուժածների համար եւ մաղթե՛նք բոլորին շուտափոյթ ապաքինում»: