2012-05-05 12:38:08

Կիրակի 6 Մայիս 2012 - Սուրբ Խաչի Երեւման Տօնը։


Համբարձումէն 11 օրեր առաջ, որ այս տարի կը հանդիպի Մայիս 6-ին՝ Հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Խաչի երեւման դէպքը որ տեղի ունեցաւ 351 թուին, այն տարիներուն երբ Կիւրեղ եպիսկոպոս Երուսաղէմի պատրիարք էր: Այդ տարի, Հոգեգալստեան առաւօտուն ժամը 3-ին, ահաւոր մեծութեամբ լուսաւոր խաչ մը երեւցաւ երկինքին վրայ, մէկ ծայրը Գողգոթայի եւ միւս ծայրը Ձիթենեաց լերան վրայ եւ շատ ժամեր տեւելով՝ տեսնուեցաւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն կողմէ որոնք զղջումով եւ բարեպաշտութեամբ սկսան դէպի եկեղեցիներ վազել, հոն փառք ու գոհունակութիւն յայտնելու համար Աստուծոյ: Այս հրաշալի երեւոյթը անմոռանալի եւ աննախընթաց դէպք մը ըլլալուն համար, այդ թուականէն ի վեր կը մնայ յիշատակութեան արժանի տօն: Հայ եկեղեցին զայն կը տօնէ Զատիկը հաշուելով, հինգերորդ Կիրակին ու խաչի երեւման տօնը Զատիկին կապուած ըլլալուն համար կը նկատուի շարժական տօն եւ ունի 35 օրուայ շարժականութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.