2012-05-05 12:38:27

Թուրք Իրաւապաշտպան Ռակըբ Զարաքօլու Մրցանակ Մը Եւս Կը Խլէ։


Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու հարցով աշխուժօրէն զբաղող հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, հերթական մրցանակի արժանացած է՝ խլելով «PEN» կազմակերպութեան կողմէ սահմանուող Ճերի Լէյպերի անուան հրատարակչութեան ազատութեան միջազգային մրցանակը:
«Այս մրցանակը ոչ միայն իմն է, այլ նաեւ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ պահուող միւս լրագրողներունը, գրողներուն ու հրատարակիչներունը», մրցանակը ստանալէ ետք յայտարարած է թուրք իրաւապաշտպանը:
Նշենք, որ Զարաքօլու Թուրքիոյ մէջ հրատարակած է քանի մը տասնեակ գիրքեր, որոնց մէջ կը խօսուի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին մասին, եւ որոնց պատճառով ալ, պարբերաբար հալածուած եւ բանտարկուած է թրքական պետութեան կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.