2012-05-05 12:38:44

Զալքայի Ս. Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ձեռնարկները.


Բանուորներու տօնը Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սկաուտախումբի կողմէ, եւ Տիկնանց Միութեան տարեկան ճաշկերոյթը։
Մայիս Մէկին, Բանուորներուն Տօնը Նշուեցաւ Զալքայի Ս. Խաչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սկաուտական Խումբի Կողմէ։ Այս առթիւ հաւաքուած ժողովրդապետին՝ գերապատիւ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի շուրջ ներկաները տօնեցին բանուորներու օրը, ուրախ օր մը անցուցին հայկական երգ ու պարով ու նաեւ խորովածի պատրաստութեամբ։
Քաջալերելով նոր սերունդին սերտ կապը եկեղեցւոյ գործիչներուն հետ ու անոնց խանդն ու եռանդը կազմակերպելու ձեռնարկները, Հ. Նարեկ ըսաւ թէ ՜՜եկեղեցին հաւատացեալներուն տունն է, ժողովրդապետները կու գան ու կ՝երթան, սակայն հաւատացեալներն են որ միշտ կը մնան, ու իրենք են որ պէտք է պահեն ու պահպանեն եկեղեցին ու նաեւ աւանդութիւնները։
Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հաւատացեալները կը վկայեն թէ՝ եկեղեցին ոչ միայն կը գործէ հաւատքը վառ պահելու համար այլեւ ազգային ոգին զարգացնելու գործին մէջ, հայապահպանման ի խնդիր, նաեւ՝ շնորհիւ նուրիեալ երիտասարդներուն։
Միշտ Զալքայի մէջ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը 3 մայիսին կազմակերպած էր իր տարեկան ճաշկերոյթը Ռուայալ պանդոկին մէջ։
Հանդիպումը սկիզբ առաւ լիբանանեան ու հայկական քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք ողջոյնի խօսք արտասանեց տիկին Թալին Թէրզեան։ Ապա նախքան սեղաններուն օրհնութիւնը, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ գերապատիւ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանը իր սրտի խօսքը փոխանձեց ներկաներուն, գնահատելով՝ բարեսէր տիկնանց յանձնախումբի աշխատնքները եւ ծառայութիւնները հանդէպ հայ չքաւոր աշակերտներուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Ապա իր սրտի խօսքը արտասանելու հրաւիրուեցաւ Տիկնանց միութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Էօժէնի Պոյաճեան որ շնորհաւորեց մայրերը իրենց տօնին առթիւ, եւ գնահատեց տիկնանց միութեան անդամներուն աշխատանքը ու նաեւ բոլոր մայրերուն առաքինութիւնները եւ նուիրումը... ճաշկերոյթին, նաեւ մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ միութեան գործունէութիւնները տարիներու ընթացքին համայնքի ու ժողովրդապետութենէն ներս, մինչ տիկին Թալին կը յիշէր նուիրատուներուն անունները քաջալեր հանդիսանալով որ ներկաները իրենց սրտաբուխ նուիրատութիւնը կատարեն... Մթնոլորտը ճոխացուց ու տօնական դարձուց յատկապէս Պրն. Սիմոն Կոստանդինեան որ ձեռնադաշնակի վրայ նուագեց հայկական, արաբական ու եւրոպական երաժշտութիւններ։
Այս առթիւ, պարգեւատրուեցան հինգ նուիրեալ մայրեր՝ որոնք տարիներ շարունակ նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար դարձած են միութեան։ Գնահատանքին միացաւ նաեւ սրբանկար մը (Իքոն մը) որպէս յիշատակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.