2012-05-05 12:37:52

Արցախի՝ Գիշի Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նուիրուած Նոր Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքը։


Արցախի Մարտունի շրջանի՝ Գիշի գիւղին մէջ, 29 ապրիլինթեմակալ առաջնորդ՝ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանին ձեռամբ, կատարուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նուիրուած նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը։
Եկեղեցին կը կառուցուի նախաձեռնութեամբ եւ բարերարութեամբ՝ արմատներով գիշեցի, ռուսաստանաբնակ գործարար՝ Կարէն Բաղրեանի։ Ճարտարապետական նախագիծի հեղինակն է Վալերի Հայրապետեան։
Արցախի թեմի հոգեւոր սպասաւորները Պարգեւ Սրբազանի հանդիսապետութեամբ նախ գինիով ու ջուրով լուացին եւ ապա սրբալոյս միւռոնով օծեցին Քրիստոսի առաքեալներու, չորս աւետարանիչներու եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անուններով հիմնաքարերը, որմէ ետք անոնք տեղադրուեցան նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ հիմքը, որմէ ետք ալ՝ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգը։
Բարերարի ձեռքով եկեղեցւոյ հիմքին մէջ տեղադրուեցաւ նաեւ՝ եկեղեցւոյ շինարարութեան արձանագրութիւնը։
Արցախի թեմի առաջնորդը, գոհունակութեամբ կարեւորեց այն փաստը, որ արմատներով արցախցի աշխարհասփիւռ հայորդիները չեն մոռնար իրենց հարազատ երկիրը եւ տարբեր կերպերով կ՝աջակցին սեփական ժողովուրդի ու Եկեղեցւոյ կենսական խնդիրներու լուծման։








All the contents on this site are copyrighted ©.