2012-05-04 13:05:03

Տիար Վիգէն Չիթեճեան Սուրբ Աթոռի Մօտ ՀՀ Նոր Դեսպանը ։


Տիար Վիգէն Չիթեճեան ծնած է 26 Յուլիս 1941-ին Երեւանի մէջ։
Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն, ան եղած է Պետական Նախարար ու ապա Փոխ վարչապետ։
1995 -1997 եղած է ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
1997 - 2009 Ատլանտեան Ուխտի (OTAN) ի Հայաստանի Պատգամաւորութեան Պետ եղած է, միեւնոյն շրջանին ստանձնելով Պելկիոյ, Հոլանտայի եւ Լուքսէմպուրկի դեսպանի պաշտօնը ու նաեւ Եւրոմիութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն առաքելութեան Պետի պաշտօնը։
2009ին դարձեալ կը ստանձնէ ֆրանսայի մէջ դեսպանի պաշտօնը ու 2011-ին կը նշանակուի Մոնաքոյի Եւ Անտորայի Իշխանութիւններու մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան։
2012-ի՝ Փետրուար 20ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Հրամանագիրով Տիար Վիգէն Չիթեճեան նշանակուեցաւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան, նստավայր ունենալով Փարիզի մէջ։ Անցեալ 21 Մարտին, ՀՀ մօտ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Դեսպան Արքեպիսկոպոս Մարէք Սոլչինսքին իր հաւատարմագրերը յանձնած էր Նախագահ Սերժ Սարգսեանին ։
Այսօր Վատիկանի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց դեսպան Վիգէն Չիթեճեանը, իսկ կէսօրին դեսպանը այցելեց Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքը, եւ այս առթիւ ի պատիւ իրեն սարքուած էր սիրոյ սեղան մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.