2012-05-04 13:04:53

Նոր Աւետարանացումը Եւ եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուցումը


Հինէն ի վեր, մարդկային պատմութեան իւրաքանչիւր ժամանակամիջոցին, Եկեղեցին գտնուած է մեծ մարտահրավէրներու առջեւ, մատչելի դարձնելու համար Աւետարանի վարդապետութիւնը ընկերային կեանքին: Տարիներու ընթացքին այս ընթացքը աստիճանաբար մշակուեցաւ, եւ երեւան եկաւ նոր միտք, որ կոչուեցաւ «եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցում»: Ան հանդէս եկաւ որպէս իմաստութիւն, որ կ’այժմէացնէ Աւետարանը եւ սկզբունքներ կու տայ այսօրուայ աշխարհի հաւտացեալին:
Շատերս, յաճախ հարց կու տանք թէ ինչո՞ւ համար Եկեղեցին կը զբաղի տնտեսական, ընկերաբանական կամ քաղաքական հարցերով: Եթէ եկեղեցին կը խօսի տնտեսական, ընկերաբանական կամ քաղաքական հարցերով, այն է, որովհետեւ քրիստոնեաները ներկայ են այս գրաւականներուն մէջ: Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը՝վարդապետութիւն մը չէ, որ անջատուած է գործողութենէն, որուն մէջ քրիստոնեան ներդրում գործած է: Ան տնտեսական, ընկերաբանական կամ քաղաքական գործողութիւններու ծրագիր մը չէ. «Եկեղեցին ձեւեր չ’առաջարկեր, կ’ըսէ Յովհաննէս Պօղոս Բ., "Չենդէզիմուս Աննուս" ( 100 տարի) շրջաբերականին մէջ: Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը, կը շարունակէ քահանայապետը ընկերաբանական բարոյագիտութիւն է. իր ընկերային ուսուցման մէջ, Կաթողիկէ Եկեղեցին, գործելու համար կ’առաջարկէ հիմնական ուղղեգիծեր, եւ հիմնական ուղղեգիծը հետեւեալն է. - «մարդկային արժանապատուութիւնը»: Այլ խօսքով՝ ընկերա-տնտեսական կեանքին մէջ, ի հարկ է պատուել եւ բարձրացնել մարդուն արժանապատուութիւնը, անոր ամբողջական կոչումը, ինչպէս նաեւ ամբողջ հասարակութեան բարիքը, քանի մարդն է հեղինակը, կեդրոնը եւ նպատակը ընկերատնտեսական ամբողջ կեանքին»: Ինրաքանչիւր մարդ, ըլլայ ան քաղաքացի, գործաւոր, գործատէր, տնտեսագէտ կամ ուրիշ, պարտի որպէս քրիստոնեայ իր պարտականութիւնները կատարել հանդէպ իր մերձաւորին, քանի ամէն մէկը` միւսին պատասխանատու է:
Հետեւաբար, եկեղեցին իր ընկերային ուսուցումով կը փորձէ ճանչցնել հաւատացեալներուն ոչ միայն ինչ որ բարի է եւ Ճշգրիտ, այլ նաեւ զանոնք կը դաստիարակէ բարեգութ ըլլալու մերձաւորին հանդէպ: Առ աւելի, եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը եւ յատկապէս Սրբազան Քահանայապետներու ձայնը, կոչ մըն է ուղղուած՝ քաղաքական եւ տնտեսական հսկայ հաստատութիւններուն, անոնց աւելի արդար եւ աւելի մարդկային ընթացք ներշնջելու մարդկութեան հանդէպ:
Եթէ ակնարկ մը նետենք տնտեսական ներկայ տաքնապին, կրնանք ըսել որ այս տաքնապը, մեզ կը հաւիրէ քննելու մեր կենցաղը, մեր հարաբերութիւնը դրամին հետ, եւ մեր որդեգրած միջոցները հարստութիւն դիզելու: Այս չի նշանակէր բացարցակապէս, որ եկեղեցին կ’ուզէ տնտեսական համակարգը փոխել, այլ զայն կատարելագործել՝ անոր բարոյական դիմագիծ տալով: Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը կ’ըսէ թէ Եկեղեցին պարտականութիւնը ունի ճանչնալու տնտեսական աշխարհի գաղափարախօսութիւնը, եւ հասկնալու անոր տրամաբանութիւնը, եւ զայն հաւատքով լուսաւորելու անձնասիրութենէ եւ սկզբնական մեղքէ: Եւ կ’աւելցնէ, որ անհրաժեշտ են տնտեսական լաւ համակարգեր, որոնք հետամուտ ըլլան արդարութեան եւ յատկապէս սիրոյ:
Այս բոլոր պահանջքները կը կազմեն ատաղձը եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցման: Ան կ’ուզէ սորվեցնել թէ մարդ ապրելու համար պէտք ունի հացի, այսինքն առողջ տնտեսութեան, սակայն միեւնոյն ատեն պէտք է յիշել որ մարդ միայն հացով չէ որ կ’ապրի: Ուստի քաղաքական իշխանութիւնը կենսական դեռ ունի հետապնդելու ամբողջ հասարակութեան բարիքը, եւ հասնելու յատկապէս տառապող անձերուն, որոնք կարիքը ունին սիրոյ նուիրածութեան, ինչպէս կ’ըսէ Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը, "Տէուս Քարիդաս էսդ" շրջաբերականին մէջ: Այս է, ահաւասիկ Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.