2012-05-04 13:05:23

Մամլոյ Ազատութեան Համաշխարհային Օրը՝ Որ Յիշատակեցինք Մայիս 3-ին։


Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային օրուան առթիւ իթով Մայիս 3-ին համատեղ ուղերձով հանդէս եկան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն եւ ՈՒՆԵՍՔՕ–ի Գլխաւոր տնօրէն Իրինա Պոգովա։ Անոնք կը նկատեն, որ պիտի շարունակեն ամրապնդել իրաւական հիմքերը ազատ, բազմակարծիք եւ անկախ լրատուամիջոցներու գործունէութեան համար:
Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Խօսքի ազատութիւնը մեր ամենաթանկագին իրաւունքներէն մէկն է: Անիկա կ’ամրապնդէ իւրաքանչիւր այլ ազատութիւն եւ հիմք կը հանդիսանայ մարդկային արժանապատւութեան համար: Վերջինիս իրականացման գործին մէջ կենսական նշանակութիւն ունի ազատ, բազմակարծիք եւ անկախ մամուլի գոյութիւնը:

Այս ուղերձը նուիրուած է Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային օրուան: Մամուլի ազատութիւնը կ’ենթադրէ ազատ արտայայտուելու իրաւունք, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր լրատուամիջոցով որոնելու, ստանալու եւ տարածելու տեղեկատւութիւն ու մտքեր` անկախ սահմաններէն (ինչպէս նշուած է Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր հռչակագրի 19-րդ յօդուածին մէջ): Այս ազատութիւնը կարեւոր է՝ առողջ եւ կենսունակ հասարակութիւններու համար:
Արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնը ցոյց տուած է իրաւունքներ ձեռք բերելու ձգտումին ուժը` նոր ու հին լրատուամիջոցներու միաւորման իբրեւ արդիւնք: Մամուլի նորայայտ ազատութիւնը կը խոստանայ վերափոխել հասարակութիւնը առաւել թափանցիկութեան եւ պատասխանատւութեան միջոցով: Անիկա հաղորդակցուելու եւ տեղեկատւութիւն ու գիտելիքներ տարածելու նոր ուղիներ պիտի բանայ: Ազդեցիկ նոր ձայն կը բարձրանայ յատկապէս երիտասարդութեան շրջանին, որոնք լուռ էին նախապէս:
Ահա, թէ ինչու այս տարուայ Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային Օրը կեդրոնացաւ «Նոր Ձայներ. Մամուլի ազատութիւնը` իբրեւ հասարակութիւններու վերափոխման խթանիչ» թեմային վրայ:
Մամուլի Ազատութիւնը նաեւ սաստիկ ճնշումներու կ’ենթարկուի ամբողջ աշխարհի մէջ: Անցեալ տարի ՈՒՆԵՍՔՕ–ն դատապարտեց սպանութիւնը 62 լրագրողներու, որոնք զոհուեցան իրենց աշխատանքը կատարելու ընթացքին:
Վերոնշեալ լրագրողները պէտք չէ մոռացութեան մատնուին, իսկ այդ յանցագործութիւնները` մնան անպատիժ: Քանզի մամուլը արդէն հասանելի է ելեկտրոնային տարբերակով, աւելի շատ առցանց լրագրողներ, ներառեալ եւ պլոկըրներ են, որոնք կ’ենթարկուին բռնութեան, յարձակման, ինչպէս նաեւ կը սպաննուին իրենց աշխատանքը կատարելու ընթացքին: Անոնց անվտանգութիւնը եւս պէտք է ապահովել, ինչպէս կ’ապահովուի աւանդական լրատուամիջոցներու աշխատակիցներուն անվտանգութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.