2012-05-04 13:04:44

Ընկերային Գիտութեանց Քահանայապետական Կաճառի Ժողովը Վատիկան.


Աւելի յստակութիւն համաշխարհային ֆինանսի սիսթեմին մէջ։
27 ապրիլէն 1 մայիս, Ընկերային գիտութեանց քահանայապետական կաճառը, որ մէկ տարի առաջ վերակոչած է 50-րդ տարեդարձը ''Խաղաղութիւն Երկրի վրայ'' Յովհաննէս 23-րդ երջանկայիշատակ քահանայապետի շրջաբերական թուղթին, Վատիկանի մէջ իր լիանիստ ժողովը գումարած է, ու շօշափած հրատապ հարցեր, ինչպէս համաշխարհային ֆինանսի դրութիւնը, պահանջելով աւելի յստակութիւն իր կառավարման մէջ։ Լիանիստ գումարին աւարտին Տիժոնի առաջնորդը գերապայծառ Ռոլան Միններահ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ ընդգծեց կառոյցներու անհրաժեշտութիւնը լաւագոյնս կանոնաւորելու միջազգային ֆինանսաւորումը, զեղծումներուն առաջքը առնելու նպատակով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.