2012-05-03 12:36:34

Ս. Աթոռի Զգալի Ներկայութիւնը Միջազգային Գարիթասի Գործունէութեան Վրայ։
Ընդգծել Եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմնին կաթողիկէ ինքնութիւնը։


Վատիկանի պետական քարտուղարութիւնը 2 մայիս 2012ին հրապարակած վաւերագրով, վերանորոգեց միջազգային Գարիթասի իրաւասութիւնը։ Գոր ունում` մէկ սիրտ կոչուած քահանայապետական խորհուրդը եւ Ս. Աթոռը զգալիօրէն կը զօրացնեն իրենց իշխանութիւնը կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ բարեսիրական 165 մարմիններու դաշնակցութեան վրայ։ Այս վաւերագրով Եկեղեցին կ'ուզէ որ միջազգային Գարիթասը չկորսնցնէ իր քրիստոնէական ինքնութիւնը։ Այս նոր կարգադրութեամբ, Պետական քարուղարը` կարտինալ Պերթոնէ ընդգծեց այս մարմնի եկեղեցական բնոյթը, անոր սերտ կապը եկեղեցւոյ նուիրապետութեան հետ ու ճշմարիտ նշանակութիւնը Եկեղեցւոյ եղբայրօգնութեան ներգործութեան։ Եկեղեցին, ըսաւ ան, պէտք չէ միայն եղբայրօգնութիւն կատարէ, այլ՝ այդ եղբայրօգնութիւնը պէտք է կատարուի Քրիստոսի օրինակով ու անունով։
Գոր Ունում` ''մէկ սիրտ'' քահանայապետական բարեսիրական մարմինը իր կարգին կը մատնանշէ տեղական եպիսկոպոսներու դերն ու պատասխանատուութիւնը հայող Եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմիններուն։
Միջազգային Գարիթասի ընդհանուր քարուղարը ֆրանսացի Միշէլ Ռուա, յայտարարեց որ նոր վաւերաթուղթը ի յայտ կը դնէ սերտ համագործակցութիւնը միջազգային Գարիթասին եւ Ս. Աթոռին, ի շահ աղքատներուն, եւ միաժամանակ կ'ընդգծէ որ այս մարմնի դերակատարները կանչուած են եղբայրսիրութիւնը կատարելէ առաջ, հաւատքը հաղորդել, եւ բնաւ չմոռնալ Գարիթասի եկեղեցական նկարագիրը։
Յայտնենք թէ Միջազգային Գարիթասը 2011-ին տօնախմբեց իր հիմնարկութեան 60 ամեակը. արդարեւ ան հիմնուած է 1951-ի դեկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.