2012-05-03 12:29:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Այցելութիւնը Հռոմի Ճեմելլի Հիւանդանոցի՝ Վիրաբուժական Սուրբ Սրտի Համալսարանը, Անոր Հիմնարկութեան 50ամեակին Առթիւ։


Հինգշաբթի 3 մայիսի առաւօտեան ժամը 11-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կատարեց քահանայապետներու հիւանդանոց` Ճեմելլի բազմաբուժարանը` Սուրբ Սրտի անուան Կաթողիկէ համալսարանի Բժշկական մանաճիւղի հիմնարկութեան 50-ամեակին առթիւ։
Վերոյիշեալ կաթողիկէ համալիրը կը ներփակէ համալսարանական բժշկական մասնաճիւղ մը եւ բազմաբուժարան մը։ Ասիկա Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հօր` Քահանայապետական շրջանին սոյն հիւանդանոցը կատարած հինգերորդ այցելութիւնն է։ Նորին Սրբութիւնը` որպէս Քահանայապետ այցելած էր Ճեմելլի հինւանդանոցը 5 օգոստոս 2005-ին այցելութիւն կատարելով իր քահանայ եղբօր։
Նոյն տարին Նորին Սրբութիւնը բացումը կատարած էր կաթողիկէ համալսարանի ակադեմական տարւոյն։ 9 յունուար 2010-ին Սրբազան Քահանայապետը ժամանած էր հիւանդանոց այցելելութիւն կատարելու Կարտինալ Էչիկարային որ` ճրագալոյցի սուրբ պատարագին ընթացքին ոտքը կոտրած էր։ Իսկ 5 յունուար 2011-ին Պենետիկտոս ԺԶրդ այցելած էր բազմաբուժարանի մանուկներու մասնաճիւղը։ Նշենք որ Ճեմելլի հիւանդանոցը աշխարհառչակ դարձած էր, յաճախ ընդունելով ու խնամելով երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը։
Պենետիկտոս ԺԶ Արբազան Քահանայապետի այսօրուայ այցելութիւնը կը զուգադիպի նաեւ Բժշկական եւ Վիրաբուժական մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած <<հետազօտութեան օր>> ծրագիրին որ ունի որպէս նիւթ <<Ուսումնասիրութեան նուիրուած կեանք մը, Ուսումնասիրութիւնը ի նպաստ կեանքին>>։ Նախաձեռնութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենայ ՅՊԲ.ի անուան մրցանակի առաջին պարգեւատրումի արարողութիւնը որ այս տարի յատկացուած է <<Թէլէթոնին>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.