2012-05-03 12:51:30

Զալքայի Ս Խաչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետը Պատուեց Երգչախումբի Անդամները Անոնց Անսակարկ Նուիրումին Համար։


Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ գերապատիւ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ երգչախումբին տարիներ ծառայողներուն շնորհակալութիւն յայտնելու նպատակով՝ հրաւիրած է երգչախումբի անդամները, (կիրակի 30 ապրիլին) Պիքֆայիայի Կասըր Ալտէլէպ ճաշարանը, ուր սիրոյ սեղանին շուրջ ան՝ Հայր Նարեկ, որպէս հոգեւոր վարիչ երգչախումբին՝ իր գնահատանքի խօսքը ուղղած է երգչախումբի անդամներու ու յատուկէն ղեկավարին՝ տիկին Սոնիա Կիւրիւնեանին որ երկար տարիներէ սրտաբուխ ստանձնած է ղեկավարութիւնը սոյն երգչախումբին ու իր ժամանակը զոհելով մինչեւ այսօր ձրիաբար ձայնամարզութիւն կը սորվեցնէ բոլոր անդամներուն, Գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ու նաեւ բարի երթ մաղթած է տէր եւ տիկին Վիգէն Եոզկաթլեաններուն որոնք մօտ օրէն Գանատա պիտի մեկնին ։
Հայր Նարեկ երգչախումբի բոլոր անդամներուն իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ յատկապէս ըսած է ՜՜Երգելը երկու անգամ աղօթել է, ձայներնիդ անսպառ շատ սիրելի երգչախումբի անդամներ. Մշակը արժանի է իր վարձքին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.