2012-05-02 14:03:31

Ուքրանիոյ Նախկին Վարչապետի Դուստրն ու Ամուսինը Կ'ահազանգեն ։ Մերքել եւ Պարրոզօ Կրնան ՝՝Չմասնակցիլ՝՝ Էուրօ 2012-ի Ձեռնարկներուն։


Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ, ազատազրկման դատապարտուած ու աւելի քան տասը օրէ ի վեր հացադուլի դիմած Եուլեա Դիմոշենքոյի մտերիմները յայտարարած են, որ ան մահամերձ է:

«Քանի մը օր եւս ու ան կը մահանայ» ըսած է Դիմոշէնքոյի դուստրը Փրակի մէջ կայացած ասուլիսի ժամանակ ։ Ժամանակը կ'անցնի: Չեմ գիտեր, թէ մայրս որքան կրնայ հացադուլ ընել, հինգ կամ տասը օր տակաւին »(ըսած է ան) : Օրեր առաջ Դիմոշենքօ, ըստ հարազատներուն, բանտէն հիւանդանոց տեղափոխման ժամանակ ծեծի ենթարկուած է եւ կորսնցուցած գիտակցութիւնը: Ասիկա յառաջացուցած է միջազգային հանրութեան խիստ դժգոհութիւնը:
Միւս կողմէ Ուքրանիոյ մէջ կայանալիք Էուրօ-2012-ի Ոտնագունտի խաղերու նուիրուած ձեռնարկներուն ՝՝չմասնակցելու՝՝ մասին, այլ առաջնորդներու նման,ինչպէս Գերմանիոյ վարչապետը Տիկին Մերքէլ նոյնպէս նաեւ Եւրայանձնաժողովի նախագահը Խոսէ Մանուէլ Պարոզօ յայտարարեց : Իսկ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կուիտօ Վեսթէրվէլլէ ՝՝սպառնաց՝՝ կասեցնելու Ուքրանիոյ համաձայնութիւնները ԵւրօՄիութեան հետ։
Եուլիա Դիմոշենքօ դատապարտուած է եօթ տարուան ազատազրկման` պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յանցանքով:
Նշենք որ Human Rights Watch Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպան Միջազգային Կազմակերպութիւնը իր կարգին կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ կառավարութեան կատարելու ՝՝անկողմնակալ հետազոտութիւն մը՝՝ 20 էն- 21 Ապրիլի երեկոյան (մինչ Դիմոշէնքոն հիւանդանոց կը փոխադրէին) անոր ենթարկուած ծեծի մասին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.