2012-05-02 12:08:21

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Հրանդ Տինքին Արժէքը Ներկայացնող Հանդիսութիւն։


Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին երկուշաբթի, 30 ապրիլի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մօտէն ճանչնանք Տինքը» խորագիրով յուշահանդէսը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Քեստենեան, որ նշեց, թէ Հրանդ Տինք եղաւ այն առաջնորդը, որ թուրք հասարակութեան կարծիքը լուսաբանեց ժողովրդավարութեան եւ հայկական հարցին շուրջ գաղափարներով: Ան հաստատեց, որ «Ակօս» թերթը կը շարունակէ Հրանդ Տինքի ուղին: Ապա Մարօ Յակոբեան ասմունքեց Յակոբ Յակոբեանի «Մեռան` չկորան»-ը եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Ապստամբութիւն»-ը: Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինէն ետք, իր սրտի խօսքը արտասանեց լիբանանահայ արուեստագէտ Պերճ Ֆազլեան, որ յայտնեց, թէ Տինք հայութեան մեծագոյն հերոսներէն է, որ քաջութիւնը ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ Եղեռնի մասին խօսելու եւ դատապարտելու թուրք պետութիւնը: Սոփրանօ Անայիս Կետիկեանի «Երգ պահանջատիրութեան» եւ «Ապրիլեան նահատակներ» երգերու կատարումին յաջորդեց պարիթոն Աւօ Ագրապեանի «Լռեց ամպերը» եւ «Իբրեւ արծիւ…» երգերուն ներկայացումը:
«Ակօս» թերթին անունով խօսք առաւ Վահագն Քէշիշեան, որ շեշտեց, թէ Տինք Թուրքիոյ մէջ ստեղծեց նոր մտածողութեամբ առաջնորդուող հանրային կարծիք մը: Օրուան պատգամը փոխանցեց մեթր Գասպար Տէրտէրեան, որ յայտնեց, թէ Տինք նահատակուեցաւ իր տեսլականին համար եւ Թուրքիոյ մէջ բացաւ դէպի ժողովրդավարութիւն առաջնորդող նոր ժամանակաշրջան մը: Տէրտէրեան ըսաւ, որ Տինք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու պատգամախօսն էր եւ իր մահէն ետք գործը շարունակուեցաւ:












All the contents on this site are copyrighted ©.