2012-05-02 12:08:11

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ցաւակցութիւնը Տիւրզիւներու Համայնքապետի Մահուան Համար- Պէյրութ


Շաբաթ, 28 ապրիլին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ցաւակցական ուղերձ մը յղեց Լիբանանի Տիւրզիւներու համայնքի հոգեւոր խորհուրդին, կրօնաւորներուն, երեսփոխաններուն եւ համայն զաւակներուն։ Նամակին մէջ Հոգեւոր Տէրը կը փոխանցէ իր խորին ցաւակցութիւնները, Տիւրզիւներու համայնքապետ շէյխ Ապու Մուհամմատ Ժաուատ Ուալիյիտին վախճանման համար, խնդրելով Աստուծմէ ողորմութիւն անոր հոգւոյն համար, ինչպէս նաեւ համբերութիւն եւ սփոփանք Լիբանանի ժողովուրդին համար։
Յիշենք, որ երեքշաբթի, 1 մայիս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ընկերակցութեամբ Պրն. Ապուտ Պօղոսի, այցելեցին Տիւրզիւ համայնքի հոգեւոր կեդրոն՝ Պաաքլին - Լեռնալիբանան, ուր հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան անունով փոխանցեցին իրենց ցաւակցութիւնները Տիւրզիւներու համայնքապետ շէյխ Ապու Մուհամմատ Ժաուատ Ուալիյիտին վախճանման համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.