2012-05-02 12:06:25

Կարտինալ Պերթոնէն Կը Դատապարտէ Քրիստոնեաներու Դէմ Աճող Անհանդրժողութիւնը։


Ս.Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն, խստիւ հակազդած է քրիստոնեաներու դէմ աճող անհանդրժողութեան, աշխարհի զանազան վայրերու մէջ մատնանշելով որ քրիստոնեաները հաւասարակշռութեան, հաշտութեան եւ միութեան դերակատարներ են, եւ ոչ թէ ընդհարումի։ Ան զարմանք յայտնած է քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքին համար, հակառակ որ անոնք ուր որ ալ գտնուին կը նպաստեն հաշտութեան, խաղաղութեան, արդարութեան ու զօրակցութեան։
Այս ուղղութեամբ Իտալիոյ միջազգային համագործակցութեան նախարարը եւ Sant’Egidio հասարակութեան հիմնադիր տիար Անտրէա Ռիգարտի եւս`,իտալական Գոռիերէ տէլլա Սերա օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով՝ դատապարտած է ''ցեղային մաքրագործումը'' որ ներկայիս կը գործադրուի Իրաքի եւ Նիճերիոյ քրիստոնեաներու դէմ։
Ներկայիս Իրաքի մէջ, մատնանշած է Անտրէա Ռիգարտի, տեղի կ'ունենայ մաքրագործումը քրիստոնեաներուն, սիսթեմական մահափորձերով ու սպաննութիւններով, պարտադրելով՝ զանոնք հեռանալ իրենց հայրենական հողերէն։ Նոյնը այսօր կը կատարուի իսլամացած հիւսիային Նիճերիոյ մէջ, ուր մամհետականները կ'աշխատին արտահանել քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը։
Վատիկանը իր կարգին խստիւ դատապարտելով Նիճերիոյ եւ Քենիայի մէջ միեւնոյն օրը տեղի ունեցած քրիստոնեաներու դէմ ոճրային յարձակումները, զանոնք որակած է որպէս քստմնելու ու տմարդի։








All the contents on this site are copyrighted ©.