2012-05-02 12:14:55

Էջ մը հայ մատենագրութենէն։
ԵՂԻՇԷ


Եղիշէ ճանչցուած է Հայոց Պատմութեան մէջ որպէս Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի քարտուղարը, որ ամէն տեղ կ՚ընկերանար իր հերոսին, նոյնիսկ պատերազմի դաշտին վրայ։Ըստ ոմանց, հաւանաբար Մամիկոնեան տոհմէն ըլլայ եւ ազգական Վարդանի։Նախապէս զինուորական էր եւ Վարդանանց պատերազմէն ետք է որ վանք քաշուեցաւ ու եղաւ կրօնաւոր. թէեւ ճանչցուած է միշտ որպէս Եղիշէ վարդապետ, սակայն շատ հաւանական է որ եպիսկոպոս ալ օծուած ըլլայ Ամատունեաց Ազգատոհմին։
Եղիշէ կը պատկանի նաեւ ՝՝երկրորդ թարգմանիչք՝՝ կոչուած խմբակին եւ կրօնական գրքերու թարգմանութիւններ ալ կատարած է. բացի Վարդանանց պատերազմի նկարագրականէն, ան գրած է նաեւ ի միջի այլոց Մեկնութիւն Խաչելութեանն Քրիստոսի աստուածաբանական գրութիւնը։
Գարեգին Սրուանձտեանց Եպիսկոպոսը կը պատմէ թէ Եղիշէ քաշուեցաւ Մոկաց շրջանի անապատը, հոն ճգնելու համար` սակայն հովիւներ տեսան զինք եւ իր համբաւը հռչակեցին մերձակայ գաւառներուն մէջ. ասոր վրայ, Եղիշէ ստիպուեցաւ թողուլ Մոկաց լեռները եւ քաշուեցաւ Ռշտունեաց գաւառը, ուր եւ հոգին աւանդեց եւ թաղուեցաւ Ոստանի գիւղը, Չաղարի Սուրբ Նշան վանքին մէջ։
Իր գլխաւոր գրութիւնը կը կոչուի՝՝ՙՅաղագս Վարդանայ եւ Հայոց Պատերազմին՝՝. ան աւելի վիպասանական քերթուած է քան թէ պարզ պատմագրութիւն. ընտիր ոճ եւ սահուն լեզու ունի. իր պատմութիւնը ներբող մըն է դիւցազուն քաջերուն, որոնք նաեւ հաւատքի մարտիրոսներ են։ Ան կը սկսի իր պատմութիւնը հոնկէ ուր Մովսէս Խորենացի դադրեցուցած էր զայն, այսինքն Հայաստանի բաժանումէն եւ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն։
Ամէն ինչ սկիզբ կ՚առնէ երբ Յազկերտ անօրէն արքան կ՚ուզէ միացնել իրեն հպատակ բոլոր ժողովուրդները պարտադրելով պարսիկներու մազդէական կրօնը. քրիստոնեայ հայերը նախ կ՚ընդվզին այս հրամանին դէմ, սակայն Տիզբոն հաւաքուած նախարարներն ու զօրավարները, յետ անլուր չարչարանքներու, կը ստիպուին երեսանց ուրանալ իրենց հաւատքը։ Եղիշէ մանրամասնօրէն կը պատմէ այս պարտադիր ուրացումին դէպքը ինչպէս նաեւ զայն կանխող եւ անոր յաջորդող ըլլայ հայ ժողովուրդին ըլլայ Յազկերտ արքայի զգացումները։
Ապա կը պատմէ նախարարներու Հայաստան վերադարձը, Վարդանի առաջնորդութեամբ, ժողովուրդի ապստամբութիւնը, Վարդանի եւ իր նախարարներուն յետսկոչումը իրենց ուրացումէն եւ պատասխան նամակը Յազկերտին. շատ հաւանական է որ Եղիշէ ինք շարադրած ըլլայ զայն։
Ապա այն լուսաւոր գիշերը ուր բանակը կը պատրաստուի պատերազմելու, յետ մասնակցելու սուրբ պատարագին եւ հաղորդուելու։Պատերամի մանրամասնութիւնները, զօրքերու թիւը, ինկող հերոսներու ճշգրիտ թիւն ու անունները կը պարտինք Եղիշէի յստակ մտքին ու պատմական տուեալներու ճշգրիտ հաւատարմութեան։ Շատ քիչ հեղինակներ ջանք կը թափեն այսքան մանրամասնութիւններ տալ իրենց պատմութեան մէջ։
Նախաբանին մէջ նշած եօթը գլուխներէն անդին կ՚անցնի, աւելցնելով ութերորդ գլուխ մը, ուր կը պատմէ պատերամէն ետք` կաթողիկոսին ու կղերական դասին կրած չարչարանքներն ու նահատակութիւնը։ Կ՚աւելցնէ նաեւ հատուած մը նուիրուած նախարարներու կիներուն, որոնք հաւատքով ու առաքինութեամբ նուազ չեղան իրենց նահատակ ամուսիններէն. զանոնք կը կոչէ ՙ՝՝ Փափկասուն Տիկնայք Հայոց Աշխարհին՝՝՚։
Ասկէ զատ Եղիշէ գրած է կարգ մը ճառեր եւ Սուրբ Գրոց մեկնութիւններ։ Նշանաւոր է իր յաղագս Միանձանց ճառը, գրուած թարգմանիչներու մասին որոնք իրենց Հաաստան վերադարձին` յուսախաբ մնացին երկրի գէշ կացութեան պատճառաւ եւ անապատները քաշուեցան ճգնասուն կեանք ապրելու համար։
Իբրեւ աստուածաբանական գրուածք ունի Մեկնութիւն Յեսուայ եւ Դատաւորաց, Մեկնութիւն Տէրունական աղօթից - Հայր մեր -, Արարածոց Մեկնութիւն, Մեկնութիւն Խաչելութեանն Քրիստոսի, եւայլն։ Իր գրութիւնները հրատարակուեցան առաջին անգամ Պոլիս 1764-ին, ապա Փեթերսպուրկ, Վենետիկ, Թիֆլիս եւ ֆրանսերէն լեզուով Լանկլուայի հրատարակութեան մէջ։
ԵՂԻՇԷ կը մնայ մեր պատմութեան մեծագոյն հերոսին լաւագոյն պատմիչը. Վարդանի նման` ինք եւս սիրուած ու յարգուած է հայ ժողովուրդէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.