2012-05-01 10:07:16

Պէյրութի Քափիւսէաններու Եկեղեցւոյ Մէջ. «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Արտասահմանեան Մամուլի Առաջին Էջերուն» Նիւթով Ցուցահանդէսի Բացում Եւ Համերգ


Կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին, գործակցութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Երեւանի պետական թանգարան-հիմնարկին եւ աջակցութեամբը՝ Պէյրութի քաղաքապետութեան, շաբաթ, 28 ապրիլի երեկոյեան , Քափիւսէաններու եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը արտասահմանեան մամուլի առաջին էջերուն» նիւթով ցուցահանդէսի բացումը:
Ներկայ էին լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով արաբերէնով եւ հայերէնով խօսք առաւ Ահարոն Շխրտըմեան։
Այս առթիւ պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի եւ «Կռունկ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի: Նուագով ելոյթ ունեցան Իզապէլ Գայայեան` դաշնակ, Զաքար Քէշիշեան` շուի եւ Թամար Յովհաննիսեան` դաշնակ, Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններ` ջութակ:
Եզրափակիչ խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.