2012-05-01 10:08:59

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն


ԱՐՇԱԿՈՒՆԵԱՑ ԱՌԱՋԻՆ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ (1 MAGGIO 2012)
(100 - 224)
Տրդատ Ա.-ի մահէն ետք`Հայաստան մնաց երկու իշխանութիւններու միջեւ. Մէկ կողմէն հռովմէական կայսրութիւնը, որուն շնորհիւ Արշակունիները իրենց գահը հաստատած էին վերջնականապէս Հայաստանի վրայ։ Իսկ միւս կողմէն` Պարթեւները, որովհետեւ պէտք չէ մոռնալ որ Արշակունիները ծագումով պարթեւ էին եւ թէ Տրդատ Ա. եղբայրն էր Պարսկաստանի թագաւորին։ Հայոց այս դիրքը զիրենք կը դարձնէր պատուար պետութիւն մը երկու կայսրութիւններու միջեւ։
Տրայանոս կայսեր քաղաքականութիւնը
100-էն մինչեւ 113 թուականը թագաւորեց Հայաստանի վրայ Տրդատի որդին` Աշխադար։ 113-ին` Հռոմի գահին վրայ բարձրացաւ Տրայանոս կայսրը, որ երկար խաղաղութեան շղթան կտրեց, անմիջապէս պատերազմ սկսելով Պարթեւներու դէմ։ Սակայն ան իրագործեց սխալ քաղաքականութիւնը ջնջելու պատուար պետութիւնները եւ զանոնք վերածելու հռովմէական նահանգներու, դնելով կառավարիչներ։ Պարթամասիրը որ յաջորդած էր Աշխադարի որպէս թագաւոր Հայոց (113-114), գահընկէց հռչակեց եւ ապա զայն սպաննել տուաւ։ Հայաստան դարձաւ հռովմէական նահանգ մը գէթ երեք տարուան համար, մինչեւ 117 թուականը, որով Տրայանոսի մահուընէ ետք` նոր կայսրը, Ատրիանոս, սրբագրեց իր նախորդին ձախաւեր քաղաքականութիւնը եւ դարձեալ ինքնավարութիւն տուաւ Հայաստանի։
Հայաստան Ատրիանոսի եւ Անտոնիոսի կայսրութեան շրջանին (117-161)
Հայաստան խաղաղ շրջան մը անցուց այս երկու կայսրերու տիրապետութեան շրջանին։ Ունեցաւ իր թագաւորները. Վաղարշ Ա. (117-140) եւ ապա Սոյեմոս (140-178), որոնք օգտուելով այս հանդարտութենէն, շինեցին ու բարեզարդեցին երկիրը։ Հռովմայեցիները, որպէս դաշնակից պետութիւն նկատեցին Հայաստանը, մէկ պայման պահանջելով, որ Հռոմ իրաւունք ունենար պահակազօրք մը պահելու Հայաստանի մէջ։ Անտոնինոս Պիոս կայսրը արգելք հանդիսացաւ Պարթեւները Վաղարշ Գ. Թագաւորին յարձակելու Հայաստանի վրայ. Մինչեւ այս բարեպաշտ ու խաղաղասէր կայսրին մահը (161), Հայսատանը մնաց զերծ ամէն վտանգէ։
Պատերազմ ընդմէջ Հռոմի եւ Պարթեւներու
Հազիւ մեռաւ Անտոնիոս կայսրը, Պարթեւները յարձակեցան Հայաստանի վրայ եւ գրաւեցին զայն. Ապա պարտութեան մատնեցին հռովմէական լէգէոնները Եկեղիքի մէջ (ներկայ Էրզրում)։ Սակայն յաջորդ կայսրը Հռոմի, Մարկոս Աւրելիոս, նոր զօրք ղրկեց Հայաստանի վրայ եւ 163 թուին վերագրաւեց զայն ու կործանեց Արտաշատ մայրաքաղաքը. Հայերը անոր մօտերը շինեցին ուրիշ քաղաք մը, Վաղարշապատ, որ յետագային եղաւ Էջմիածին։ Հռովմայեցիները հասան մինչեւ Տիզբոն, Պարթեւներու մայրաքաղաքը ու աւերեցին զայն։ Յաջորդ կայսրը, Սեպտիմոս Սեվերոս, շարունակեց պատերազմը Պարթեւներու դէմ եւ վերահաստատեց Հայաստանի թագաւորութիւնը եւ դաշնակցութիւնը Հռոմի հետ։ Հայ թագաւորներն էին Սանատրուկ (216-217) եւ ապա Վաղարշ Բ. (217-238), որուն անունով շինուեցաւ Վաղարշապատը։
Կարակալլա եւ Հայերը
216-ին Կարակալլա կայսրը պատերազմ մղեց Հայերու եւ Պարթեւներու դէմ. Բայց ի վերջոյ սպաննուեցաւ իր իսկ զինուորներուն կողմէ. Սակայն ամէն ինչ պիտի փոխուէր 224-ին, երբ Պարթեւներու տեղ` եկան Սասանեան Պարսիկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.