2012-05-01 10:06:54

Աղօթք առ Երանելի ՅՊԲ


Ով Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ
Եղի'ր մեր առաջնորդը Դժուար պահերուն։
Ս. Մարիամի՝ մեր մօր հետ,
Բարեխօսէ' Հօր Աստուծոյ
Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն համար։

Շարունակէ' պաշտպանել մարդկային կեանքը
Պահպանէ' ծնանելիք մանուկը,
Անապահովութեան մէջ գտնուող երիտասարդը,
Հիւանդն ու մահամերձը։

Եղի'ր մեզի օրինակ՝
Որպէսզի մենք ալ օր մը, հասնինք
Երկնքի արքայութեան
Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի միջոցաւ։
Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.