2012-04-30 13:57:42

Փարիզի la Porte de la Muette Կոչուած Թաղամասը Կը Սպասուի 5000 Քրիստոնեաներ, Միասնաբար Տօնախմբելու ''Յիսուս Քրիստոսը''։


Քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու նախաձեռնութեամբ ու համագործակցութեամբ` կաթողիկէ, օրթոտոքս, բողոքական, աւելի քան 5 հազար հաւատացեալներ շաբաթ 2 յունիսին, միատեղ պիտի գտնուին միասնաբար տօնախմբելու ''Յիսուս Քրիստոսը'', իւրաքանչիւրը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ իսկ երեկոյեան ներկաներէն պիտի խնդրուի ապաշխարութեան ներգործութիւն կատարել։ Տօնախմբութիւնը կոչուած է. ''Յիսուս բոլորին սիրտն է'', որովհետեւ Յիսուսը կեդրոնը պիտի հանդիսանայ միութեան այդ դէպքին։ Մասնակցողներուն առիթ պիտի տրուի երգելու, գովաբանելու կամ իրենց քրիստոնէական ապրումներու մասին վկայութիւն տալու։ Նշենք որ ասիկա առաջին անգամն է որ նման նախաձեռնութիւն մը կը կատարուի ֆրանսայի մէջ, եւ զայն կը հովուանաւորէ ''Քրիստոսի օր'' կոչուած ընկերակցութիւնը, որ կը համախմբէ զանազան եկեղեցիներու ու համայնքներու ներկայացուցիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.