2012-04-30 12:42:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի 30 ապրիլ, առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարտինալ Ռայմոնտ Լէօ Պուրք-ը Առաքելական Բարձրագոյն Ատեանի կառավարիչը, անոր ընկերակցող քարտուղար` Գերապայծառ ֆրանս Տանիլզի հետ միասին ։
Աւելի ուշ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց ֆրանսայի Անժէր Թեմի երբեմնի Արքեպիսկոպոս եւ Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի քարտուղար Գերապածառ Ժան Լուի Պրուկէս-ի, հուսկ կէսօրուայ մօտ Սրբազան Հայրը ընդունեց Ռուանտայի Առաքելական Դեսպանը Գերապայծառ Լուչիանօ Ռուսսօ-ն ու անոր ընտանեկան պարագաները։

Իսկ երէկ կիրակի 29 ապրիլի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ձեռնադրեց 9 նոր քահանաներ մինչ, նոյն պահուն, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Անուան Պազիլիքայի մէջ տեղի կ՛ունենար Իտալացի աշխարհական Ճուզէփփէ Թոնիոլօյ-ի Երանացման արարողութիւնը։

Սուրբ Պատարգի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց Քահանայի գլխաւոր Առաքելութիւնը որ է Սուրբ Զոհի մատուցումը որ անբաժան է հովուական առաքելութենէն։ Անոր գնահատումով <<քարոզութիւնը, գործունէութիւնը եւ եկեղեցւոյ ոեւէ մէկ ձեռնարկը իրենց փրկագործ բեղունութիւնը կը կորսնցնեն առանց Սուրբ Զոհի մատակարարութեան։ Քահանան կանչուած է ապրելու այն ինչ որ նոյն ինքն Յիսուս ապրեցաւ, այսինքն ամբողջական նուիրում քարոզութեան` մարդոց մարմնային ու Հոգեկան ցաւերու բուժման եւ այս բոլորին ամբողջացումը այն մեծագոյն նուիրումով որ է կեանքի զոհաբերումը մարդոց համար։

Սուրբ Պատարագէն ետք ՝՝Ողջ լեր Թագուհի՝՝ կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը հեռուստատեսիլի միջոցաւ հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքան համախմբուած հաւատացեալներուն հետ ու նշելով ՝՝Կոչումներու Համար Աղօթքի Համաշխարհային 49րդ Օրը՝՝ յոյս յայտնեց որ երիտասարդները ուշադիր ըլլան <<Աստուծոյ Ձայնին>> զոր զիրենք կը կոչէ Իրեն ծառայելու որպէսզի չտարուին ուրիշ մակերեսային ձայներու յետեւելով>>։ Նորին Սրբութիւնը ապա իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու նոր երանելիներ ` Ճուզէփփէ Թոնիոլօ եւ Հայր Փիէր Ատրիէն Թուլորժի երանացման արարողութիւններուն համար, զանոնք ներկայացնելով որպէս ՝՝մարտիրոսութեան եւ մարդկային որղորմածութեան տիպարներ՝՝։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ հուսկ յիշեց երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի Երանացման Արարողութեան Տարելիցը որ կը տօնախմբուի վաղը մայիս մէկին
Այս առթիւ, այսօր 30 ապրիլ, երեկոյեան Հռոմի Թոր Վերկաթա Համալսարանի ՃՄՃ - ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ զետեղուած Խաչի սեմին տեղի կ՛ունենայ երիտասարդներու հաւաքը ու հսկում Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինի-ի նախագահութեամբ։

՝՝Ողջ լեր Թագուհի՝՝ կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներու արտակարգ բազմութիւնը, ու ապա անոնց տուաւ իր Հայրական Օրհնութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.