2012-04-30 13:49:57

Ատրպէյճանական Կրակոցները Երեք Հայ Զինուորներու Կեանքը Խլած։


Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Այգեպար գիւղի դիրքերուն վրայ 26 Ապրիլի երեկոյեան հակառակորդին կողմէ կրակոցներ արձակուած են։ Այգեպար համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Այդինեան յայտնեց, որ կրակոցներուն իբրեւ հետեւանք 3 հայ զինուոր սպաննուած է։ «Հիմա գիւղում իրավիճակը կայուն է, կրակոցներն էլ դադարել են», վստահեցուցած է ան:
25 Ապրիլին ատրպէյճանական կողմէ կրակ բացուած է Տաւուշի մարզի Դովեղ գիւղի ուղղութեամբ: Զոհեր եւ վիրաւորներ չկային, սակայն հակառակորդը կրակած էր մանկապարտէզի ուղղութեամբ, վնաս հասցնելով գիւղացիներէն մէկուն պատկանող ինքնաշարժին ,ու պտղատու ծառերուն:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ատրպէյճանական կողմը կրակած է նաեւ առողջապահական ինքնաշարժի մը ուղղութեամբ՝ վիրաւորելով երկու անձեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան վեցերորդ զօրակայանի քննչական բաժանմունքը Հայաստանի քրէական օրէնսդրութեան 104 յօդուածի 2րդ մասի Ա. եւ 6րդ կէտերով յարուցուած է քրէական գործ, եւ արդէն նախաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ:
Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժնի Անձնակազմի Խորին Ցաւակցութիւնները Երեք Հայ Զինուորներու Ծնողներուն ու Հարազատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.