2012-04-28 12:58:23

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Մէջ։


Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Նոր Կիրակի օրը, Ապրիլ 15ին, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ս. պատարագի ընթացքին՝ սարկաւագական աստիճան շնորհեց երկու ուրարակիրներու՝ գնահատելով եկեղեցւոյ հանդէպ անոնց ծառայութիւնն ու նուիրումը: Ս. խորանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։
«Ողջոյն»ը հաւատացեալներուն հետ բաժնելու պահուն, պատարագը կանգ առաւ եւ հայր Միւռոնը ձեռնադրող սրբազանին ներկայացուց երկու ընծայեալները՝ Րաֆֆի Պաղտասարեանն ու Պաղտիկ Էքմէքճեանը, վկայելով անոնց ծառայասիրութեան, ուղղամտութեան, եկեղեցասիրութեան եւ աստուածասիրութեան մասին ու խնդրելով, որ սրբազանը անոնց սարկաւագական կարգ շնորհէ, որպէսզի իրաւունք ունենան խորանին ծառայելու պատարագի ընթացքին։ Սրբազանը յատուկ աղօթքներով իր Աջը անոնց գլուխներուն դնելով՝ զանոնք սարկաւագ ձեռնադրեց եւ տուաւ իրաւունք քահանան զգեստաւորելու, խորանին ծառայելու, Աւետարան կարդալու, սուրբ սկիհը բռնելու եւ պատարագի ընթացքին վերաբերում կատարելու։
Ձեռնադրութեան աւարտին, առաջնորդը բացատրեց ձեռնադրութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը, եկեղեցական կարգերը՝ սկսելով դպրութենէն մինչեւ եպիսկոպոսութիւն, ի շարս որոնց՝ սարկաւագութիւնը։ Ապա դառնալով ձեռնադրեալ սարկաւագներուն՝ զանոնք յորդորեց, որ ըլլան խոնարհ, եկեղեցւոյ ծառայեն սիրով ու հաւատքով, միշտ իբրեւ օրինակ յիշեն Ստեփանոս Նախավկան՝ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին ձեռնադրեալ սարկաւագը։
Քարոզէն ետք, երբ սարկաւագները խորանէն «ողջոյն» կ՛աւետէին, նոր ձեռնադրեալները, պատարագիչ սրբազանին աջը համբուրելէ ետք՝ խորանէն իջան ու ժողովուրդին բերին Քրիստոսի յայտնութիւնը աւետող ողջոյնը։
Պէտք է յիշել, որ Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքը, իր եկեղեցական եւ այլեւայլ պէտքերուն համար, առայժմ կ՛օգտուի տեղւոյն ասորաքաղդէական համայնքի եկեղեցւոյ կալուածի դիւրութիւններէն՝ յուսալով, որ օր մը, Աստուծոյ կամքով, պիտի ունենայ իր սեփական եկեղեցին։ Յաւարտ Ս. պատարագին, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Կիրակնօրեայի աշակերտները։ Ողջոյնի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Սեդա Դարբինեան, իսկ սրբազանը իր խրախուսիչ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ շեշտելով Ս. հոգիի ներկայութիւնը եւ ներգործութիւնը մեր ծառայութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.