2012-04-28 12:56:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Շաբաթ 28 ապրիլ 2012ի առաւօտեան ժամը 11ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ Փերուի նոր անուանուած դեսպան՝ Տիար Սէզար Գասթիլլօ Րամիրէզին` հաւատարմագրերու նեարկայացումի առիթով։ Փերուի նոր դեսպանը ծնած է 1947-ին. ան միջազգային յարաբերութիւններու մարզի մասնագէտ է. 1972-էն ի վեր կը գործէ դիւանագիտական ասպարէզէն ներս։
Փերուի դեսպանին շնորհած ունկնդրութենէն ետք, Սրբազան Հայրը ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն։
Իսկ վաղը Կիրակի 29 ապրիլի՝ առաւօտեան 9ին, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին Քահանայ պիտի ձեռնադրէ Հռոմի թեմի 9 սարկաւագներ։


Վատիկանեան տեղեկութիւններ
Շաբաթ 28 ապրիլի երեկոյեան ժամը 21.30-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում՝ ի պատրաստութիւն Իտալացի աշխարհական Ճուզէփփէ Թոնիոլոյի Երանացման, որ կը կատարուի վաղը Կիրակի 29 ապրիլի առաւօտեան, Հռոմի Ս. Պօղոս-ի անուան գեղեցիկ տաճարին մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.