2012-04-28 12:55:03

Միջազգային Գարիդասի Անմիջական Կոչը, Ի Խնդիր՝ Արեւելեան Ափրիկէի Սնունդի Պակասէն Տառապող Աւելի Քան 12 Միլիոն Մնակիչներու։


Սենեկալի Գարիդասի ընդհանուր քարտուղար՝ հայր Ամբրոզիոս Թին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ կոչ մը ուղղեց օգնութեան հասնելու Արեւելեան Ափրիկէի սնունդի պակասէն տառապող աւելի քան 12 միլիոն բնակիչներու։ Կաթողիկէ մարդասիրական կազմակերպութիւնը, գարիթասի անդամ մարմիններէն կը խնդրէ իրենց զօրակցութիւնը, որպէսզի օգնութեան հասնին անոնց որոնք կարին ունին սնունդի։ 2012-ին՝ անձրեւի պակասը պատճառ դարձաւ որ հունձքը անբաւարար ըլլայ, գոհացնելու մարդոց պահանջքը։ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրները` Մալի, Նիժէ, Պուրքինա ֆազօ եւ Սենեկալը կը դիմագրաւեն սննդական անապահովութեան վիճակ եւ կացութիւնը օրէօր դժուար կը դառնայ։ Եւրոպայի Միութիւնը եւ ՄԱԿի պարէնի համաշխարհային խորհուրդը, իրենց պատրաստակամութիւնը ցոյց տուին օգնութեան հասնելու սովէն տառապող ժողովուրդներուն։ Եւրոպական միութիւնը 6,5 միլիոօ եւրօ տրամադրած է Սենեկալին, մինչ ՄԱԿի պարէնի համաշխարհային խորհուրդը 54 միլիոն ամերիկեան տօլար պիտի տրամադրէ պայքարելու՝ Սահելի սնունդի պակասի դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.