2012-04-28 12:58:32

Կապայի Օրհնութիւն՝ եղբ. Մանուէլ Սաատօյի, Հռոմի Մէջ


Կիրակի 22 ապրիլի՝ առաւօտեան, Հռոմի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Նիկողայոս» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ կապայի օրհնութիւն ինչպէս նաեւ պաշտօնական մուտքի արարողութիւն՝ եղբ Մանուէլ Սաատօյին, զորս անցնելով իր հօրենական տունէն, մաս կազմեց Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի ընտանիքին:
Արարողութեան ներկայ էին հայ եւ իտալացի հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ նորընծաները ու վարժարանի փոխ տեսուչ՝ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ, երբ թեկնածուն ներկայանալով Հալէպի փոքր ընծայարանի իր նախկին տեսուչին՝ Հ. Պերճ վրդ. Սապէի հետ, իր հետ ունենալով կապան ու շապիկը, ներկայացաւ տեսուչին՝ Գերյարգելի Հ. Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեանին առջեւ որպէսզի զանոնք օրհնէ, ինչպէս նաեւ ինք ստանայ տան հօր օրհնութիւնը.
Գերյարգելի Հայր Գէորգ փոքրիկ աղօթքէ մը ետք, ինչպէս նաեւ ջուրով ու խունկով օրհնելէ ետք թեկնածուն ու ներկայացուած զգեստները, յանձնեց անոր երեք գիրքեր որոնք օգտակար պիտի ըլլան նորընծային՝ քահանայութեան պատրաստուելու շրջանին:
Առաջին գիրքը՝ Աստուածաշունչն էր, որմէ ներշնչուելով՝ նորընծան կարող է իր ապագայի ճամբաները կերտել ու պատրաստուիլ համաձայն Աստուածային կամքին ու պատուիրանին: Երկրորդը՝ շարակնոցն էր, այսինքն մեր բոլոր մեծ ու սուրբ եկեղեցւոյ հայրերու շունչն ու ներշնչումները, որով ան կրնայ ապրիլ Աստուածային ներկայութիւնը եկեղեցական բոլոր արարողութիւններու ընդմէջէն: Իսկ երրորդը՝ ծիսական բառարանն է , որը նորընծայի մը համար պէտք է ըլլայ ապահով զէնքերէն մին եւ ուղղեցոյցը եկեղեցիէն ներս։
Արարողութեան աւարտին, մեծաւոր հայրը շնորհաւորելէ ետք նորընծան, մաղթեց անոր որ լաւագոյն կերպով պատրաստուի ու զօրանայ իր կոչումին մէջ, ինչպէս նաեւ հաստատուն քայլերով յառաջանայ իր այս սուրբ ճամբուն վրայ...
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «խորհուրդ խորին» շարականով, որով նաեւ սկիզբ տրուեցաւ կիրակնօրեայ Ս. պատարագին։









All the contents on this site are copyrighted ©.