2012-04-28 12:57:47

Ասորիները Կը Մերժեն Պատրիարքական Աթոռները Թուրքիա Վերադարձնելու Ջանքերը։


Սուրիոյ քրիստոնէական աղբիւրներ, իտալական ԱՔԻ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սուրիոյ ասորիները կը մերժեն Դամասկոսի մէջ գտնուող Ուղղափառ ասորիներու պատրիարքական աթոռը եւ Լիբանանի մէջ գտնուող Կաթողիկէ ասորիներու պատրիարքական աթոռը Թուրքիա վերադարձնելու թրքական կառավարութեան ջանքերը: Անոնք կը նշեն, որ այս կեցուածքը քանի մը պատճառներ ունի: Առաջինը այն է, որ ասորիները Սուրիան իրենց պատմական հայրենիքը կը նկատեն, իսկ «ասորական պատմական շրջանները, որոնք թրքական պետութեան տարածքին մէջ կը գտնուին (Տիգրանակերտի ամբողջ նահանգը, Մերտինի նահանգը, որուն մէջ ասորական ներկայութիւնը 4500 տարեկան է), թրքական պետութեան կողմէ գրաւուած սուրիական հողամասեր են, եւ այդ հողամասերուն դատը Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Ալեքսանտրէթ նահանգի դատէն տարբեր չէ»: Անոնք նաեւ կը նշեն, որ պատրիարքական աթոռներու Թուրքիա վերադարձը անընդունելի է, որովհետեւ 1915ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուելնուն համար եւ թրքական պետութեան կողմէ անոնց նկատմամբ ցեղապաշտական քաղաքականութեան շարունակման պատճառով՝ քրիստոնեաները Թուրքիոյ մէջ բնաջնջուելու վտանգ կը դիմագրաւեն: Ըստ անոնց, 1915ի ջարդերէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ շուրջ չորս միլիոն քրիստոնեաներ, ներառեալ՝ հայեր եւ ասորիներ կային, իսկ այսօր անոնց թիւը հազիւ հարիւր հազար է, որուն միայն 25 հազարը ասորի է: Ասորիները թրքական կառավարութենէն կը պահանջեն իր պատմութեան հետ հաշտուիլ, ճանչնալ եւ հաստատել ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ նիւթական եւ բարոյական հատուցում կատարել:








All the contents on this site are copyrighted ©.