Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, Երկուշաբթի, 23 Ապրիլին տեղի ունեցաւ «Գիրքը՝
որպէս Ցեղասպանութեան վկայ» խորագրեալ ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացումը: Ցուցադրութիւնը
կազմակերպուած է Հայ գրատպութեան 500ամեակին, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Երեւանը համաշխարհային
գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով: Ցուցադրութեան մէջ ներառուած է գրեթէ 300 հնատիպ
եւ սկզբնաղբիւրային նշանակութիւն ունեցող տպագիր գրականութիւն: Գիրքերը ցուցադրուած են
տարբեր խորագիրներու տակ: Անոնց շարքին կան ճանապարհորդական գրութիւններ, դասագիրքեր,
արեւմտահայոց հասարակական, մշակութային ու գործարար կեանքին վերաբերող եզակի հրատարակութիւններ: Ցուցադրութեան
մէջ ընդգրկուած է նաեւ իւրայատուկ գրականութիւն մը, որ վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին
ձեռք բերուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, բարերար Ճիւան Չելոյեանցի, «Վիւասել-MTS»ի
գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի ու «Փիւնիկ» Համահայկական բարեգործական հիմնադրամին աջակցութեամբ: Ցուցադրուած
գրականութեան զգալի մասը կը գտնուի միայն Թանգարան-հիմնարկի ցուցասրահին մէջ: Ցուցադրութեան
կազմակերպման գործին իրենց զգալի աւանդը ձգած են ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի
եւ ՀՅԴ Բիւրոյի գրադարանները: Ցուցադրութեան բացման ընթացքին, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի
տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտնեց, որ այս ցուցանմոյշները այն փաստերն են, որոնք անգամ մը
եւս կը վկայեն Ցեղասպանութեան եղելութիւնը