2012-04-27 12:29:34

Վատիկանեան Տեղեկութիւննր։


27 ապրիլէն սկսեալ մինչեւ 1 մայիս, Ընկերային Գիտութեանց Քահանայապետական Խորհուրդը, Վատիկանի մէջ կը գումարէ իր տարեկան 18րդ լիանիստ ժողովը ։ Հանդիպումի ընթացքին ժողովականները պիտի բանակցին <<համաշխարհային փնտռտուքը Կարգի անդորրութեան համար.՝՝Խաղաղութիւն Յերկրի վրայ՝՝ Շրջաբերական թուղթէն յիսսուն տարի ետք>> նիւթին շուրջ։
Աշխատանքներուն բացումը կը կատարէ Ընկերային Գիտութեանց Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ` տիկին Մերի-Ան Կլէնտոն։

27 ապրիլէն 29 ապրիլ իտալացի աշխարհական Ճուզէփփէ Թոնիոլօյի երանացման արարողութեան առթիւ որ տեղի կ՛ունենայ 29 ապրիլին հռոմի մէջ Իտալական Կաթողիկէ Բանուորական Շարժումի նախաձեռնութեամբ ու Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն ու Աշխարհականներու Քահանայապետական զոյգ խորհուրդներու համագործակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ << Ճուզէփփէ Թոնիոլօյի դպրոցը>> վերտարութեամբ ուսումնաժողով մը որուն իր միջամտութիւնը կը բերէ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի քարտուղար գերապայծառ Մարիօ Թոզօ։

Միջազգային Կաթողիկէ "Tu es Petrus" կոչուած ընկերակցութիւնը` Հադիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ տօնախմբեց իր հիմնարկութեան 7-րդ տարեդարձը. Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ ` Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի գերեզման-խորանին վրայ մատուցուած սուրբ զոհին մասնակցեցան Խօսէ Սարաիվա Մարթէնս, Գիւրդ Գոխ եւ Սալվաթորէ տէ Ճորճի` Կարտինալները համապատասխանաբար վերոյիշեալ ընկերակցութեան Խորհուրդի տնօրէնութեան պատուոյ նախագահ`, ընդհանուր խորհուրդի նախագահ եւ գիտական կոմիտէի նախագահ։
"Tu es Petrus" կոչուած ընկերակցութիւնը` ունի որպէս նպատակ ծաւալել Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ուսուցումը ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.