2012-04-27 12:30:16

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնեական Հաւատքի Փոխանցումը
Համացանցը՝ Աւետարանելու Նոր Ասպարէզը


Այն բոլոր վկայութիւնները՝ ընկերային հաղորդակցութեան մասին, որոնց մասին նախապէս բաւականաչափ խօսեցանք, կը վերաբերին նաեւ համացանցին, որ շնորհիւ իր ընձեռած վայրկենական, անմիջական եւ գործնական կարելիութիւններուն եզակի միջոց մըն է եկեղեցւոյ համար հռչակելու բարի աւետիսը համայն մարդկութեան:
Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ Սրբազան Քահանայապետը համացանցի մասին իր տեսակէտը կը պարզէ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային 36-րդ օրուան առթիւ տուած պատգամին մէջ, խորագրուած՝ «Համացանցը աւետարանելու նոր ասպարէզը» եւ հրատարակուած՝ 2002-ին: Այս պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը առաջին անգամ ըլլալով կ՛անդրադառնայ քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ համացանցի գործածութեան:
Ինչպէս որեւէ հաղորդակցութեան նոր արուեստագիտութիւն, նոյնպէս համացանցը ունի, ե՛ւ ժխտական ե՛ւ դրական կողմերը: Անոր լայն տարածումը հանրութեան մէջ ՝ կը յարուցանէ նոյն խնդիրները, որոնց կարելի է հանդիպիլ հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի եւ ուրիշ զանազան միջոցներու գործածութեան պարագային: Հետեւաբար, Սրբազան Քահանայապետը իր այս նամակին մէջ կը հրաւիրէ Եկեղեցին թափանցելու համաշխարհային անսահման տարածքին մէջ եւ իր ամբողջ կարողութիւնները տրամադրելու աւետարանական պատգամը փոխանցելու համար Աստուծոյ խօսքերուն ծարաւի մարդոց, այլ կերպով շարունակելով այն աշխատանքը, զոր առաքեալները ըրին Պենտէկոստէի օրը: Անոնք զօրացած Ս. Հոգիի առատաբաշխ շնորհքներով, աշխարհի չորս կողմերը գացին փրկչագործական խորհուրդը աւետարանելու:
Որովհետեւ «Եկեղեցին անխուսափելիօրէն կը գտնուի նոր ասպարէզի մը դիմաց», Սրբազան Քահանայապետը կը քաջալերէ բոլոր հաւատացեալները իրատեսութեամբ եւ վստահութեամբ մօտենալու այս նոր հաղորդակցութեան միջոցին, սակայն յիշեցնելով անոնց թէ համացանցը կը մնայ որպէս «գործիք» եւ ոչ «նպատակ» ինքնիր մէջ:
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը բացայայտօրէն կ՛ընդգծէ նաեւ եկեղեցւոյ պատմութեան, աւանդութեան եւ վարդապետութեան մասին արագօրէն տեղեկութիւններ փոխանցող համացանցին կարեւորութիւնը, «սակայն տեղեկութիւններ փոխանցող այս գործիքը, կ՛ըսէ Սրբազան Քահանայապետը, չի կրնար փոխարինել այն խոր փորձառութիւնը Արարիչին հետ, զոր միայն եկեղեցւոյ սուրբ Խորհուրդները եւ եկեղեցական պաշտամունքները կրնան ընծայել»:
Սրբազան Քահանայապետը այս նամակին մէջ կ՛անդրադառնայ այն եղելութեան, թէ յաճախ համացանցի գործածութեան ընթացքին մեր հետաքրքրութիւնը կ՛ուղղուի դէպի այն գիտելիքները, որոնք անմիջական կերպով տրամադրելի են եւ օգտակար կրնան ըլլալ մեզի, մինչդեռ մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ այն տեղեկութիւններուն վրայ, որոնք մեր միտքը եւ մեր անձնական մտածումը կը խորացնեն, այլապէս համացանցը յաճախ կը սնուցանէ մեր մէջ անտարբերութեան եւ պատասխանատուութեան հոգին:
Իր պատգամին վերջաւորութեան Սրբազան Քահանայապետը Կոչ կ՛ուղղէ հասարակութեան վարիչներուն, որպէսզի համացանցը երաշխաւորեն ի նպաստ մարդոց բարիքին եւ վերելքին եւ ոչ՝ անոնց կորուստին եւ վնասակարութեան:
Ի վերջոյ, Եկեղեցին, զինուած Քրիստոսի Աւետարանով, կանչուած է արիաբար թափանցելու համացանցի խորքերը, որպէսզի այս նորահրաշ մշակոյթը կարենա ամբողջ մարդկութեան յայտնել «Աստուծոյ գիտութեան փառքը, որ Քրիստոսի դէմքին վրայ է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.