2012-04-27 12:31:48

Հայ Գրատպութեան 500 Ամեակին Առիթով Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ «Վարք Յաւերժութեան» Յուշարձանը


Երեւանի Տէրեան-Մոսկովեան փողոցներու խաչմերուկին, բացուեցաւ ֆրանսաբնակ քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցիի հեղինակած «Վարք յաւերժութեան» անունը կրող, երեք մեթրանոց պրոնզաձոյլ արձանը:
Արձանը արուեստագէտին՝ Դաւիթ Երեւանցիի նուէրն է Հայաստանին` Հայ գրատպութեան 500 ամեակի եւ Երեւանը համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելու առիթով: Արձանի բացման արարողութեան ներկայ էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հիւրեր:

Քանդակին հեղինակը՝ Դաւիթ Երեւանցի, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին նշեց, որ արձանը քանդակելու ընթացքին ան ոգեշնչուած է Եղիշէ Չարենցի ստեղծագործութիւններէն. «Այսօր հայ ժողովուրդը վերածնունդ է ապրում»,- ըսաւ քանդակագործը: Քանդակը ձուլուած է ռուսաստանաբնակ գործարար Արթուր Ջանիբեկեանի հովանաւորութեամբ, եւ կը պատկերէ այն ՜՜երկու կիները, որոնք հայերէն ամենամեծ մագաղաթեայ գիրքը` «Մշոյ ճառընտիր»ը, երկու մասի բաժանելով փրկած են թրքական եաթաղանէն՝՝:

«Մշոյ ճառընտիր»-ը ունի 660 էջ, ընդհանուր կը կշռէ 28 քիլօ, եւ պատրաստուած է հորթի կաշիէն: Մագաղաթը գրուած է 1200-1202 թուականներուն` Երզնկայի Աւագ վանքին մէջ, Բաբերդի տանուտէր Աստուածատուրի պատուէրով: Մատեանը այժմ, կը գտնուի Երեւանի Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ Մատենադարանին մէջ:

Արարողութեան ներկայ՝ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ՜՜հայ կնոջ կերպարը նոյնինքն այնպիսին է, ինչպիսին այն կանայք էին, որոնք գիրը գերադասեցին հարստութենէն եւ գանձերէն՝՝:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան յուշարձանի բացումէն ետք ծաղիկներ դրաւ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց ՜՜այն կանանց յիշատակին, որոնք պատկերուած են «Վարք յաւերժութեան» յուշարձանի քանդակին՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.