2012-04-27 12:31:37

23 Ապրիլը՝ Գիրքի Ու Հեղինակային Իրաւունքի Համաշխարհային Օր


23 Ապրիլը՝ Գիրքի ու հեղինակային իրաւունքի համաշխարհային օր է: Ապրիլեան այս օրը ընտրուած է ոչ պատահական. 23 Ապրիլ 1616-ին մահացած են Սերուանթեսը, Շեքսփիրը, Ինկա Կարսիլասօ տէ լա Վէկան: Այս օրը ծնած կամ մահացած են նաեւ Վլատիմիր Նապոգովը, Մորիս Տրիւոնը, Ճ. Բլան ու Մանուէլ Մեխիա Վալյեխոն:
Այս տարի անիկա նուիրուած է թարգմանչութեան, եւ կրկին` ոչ պատահական: 2012-ին կը լրանայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Index Translationum թարգմանութիւններու արձանագրութեան 80-ամեակը: Այս իւրատիպ հիմքին տուեալներուն համաձայն` աշխարհի մէջ ամենաշատ թարգմանուող հեղինակներն են Ակաթա Քրիսթի, Ժիւլ Վերն եւ Ուիլեամ Շեքսփիր: Իսկ թարգմանութիւնները կը կատարուին անգլերէնէ, ֆրանսերէնէ, գերմաներէնէ եւ ռուսերէնէ:

Առ այսօր` արձանագրութեան այս մատեանին մէջ կը գտնուի աւելի քան 2 միլիոն ձայնագրութիւն` աշխարհի 148 երկիրներու 500.000 հեղինակի եւ 78.000 հրատարակիչի մասին:

Նշենք, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի որոշումով` Ապրիլ 22-ին Պուէնոս Այրեսը Երեւանին փոխանցեց «Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» տիտղոսը: Այս առիթով Մշակոյթի նախարարութեան ու Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ՝ Երեւանի կեդրոնական վայրերուն մէջ իրականացան մշակութային բազմաթիւ ձեռնարկներ:









All the contents on this site are copyrighted ©.