2012-04-26 12:36:58

Ծագումով Քիւրտ Պատգամաւորը Ապրիլ 24-ը «Սուգի Օր» Հռչակելու Մասին Թուրքիոյ Խորհրդարանին Առաջարկ Պիտի Ներկայացնէ։


Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտական «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան պատգամաւոր յայտնի կինոհան Սըրրը Սուրէյեայ Էօնտեր յայտարարած է, որ իրենք խորհրդարանին առաջարկ պիտի ներկայացնեն` Ապրիլ 24-ը ՍՈՒԳԻ ՕՐ հռչակելու մասին:

«Մեր նպատակը այդ սպանութիւնները դատապարտելը, մեր անցեալի ցաւերուն հետ առերեսուելն ու այդ ցաւը բաժնեկցիլնէ »(ըսած է ան):
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»ը, քիւրտ պատգամաւորը խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ 24 Ապրիլ 1915-ին հազարաւոր հայեր սպաննուած են: «1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ ցաւը բաժնեկցելու համար մենք մասնակցեցանք Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցին: Մեր հողերուն վրայ նման բան տեղի ունեցած է: «Իթթիհաթ վէ Թերաքքի» կուսակցութիւնը հազարաւոր հայեր սպաննած է: Ատիկա աշխարհի բոլոր լեզուներով կը կոչուի «ցեղասպանութիւն»: Հայերուն ամբողջ ունեցուածքը` որոնց շարքին՝ Մշակութային Ժառանգութիւնը թալանուած է: Մենք արդարանալու փոխարէն, թէ «մեր պապերը նման բան չեն ըրած», պէտք է դատապարտենք զայն»(ըսած է Էօնտեր):
Անդրադառնալով փոխհատուցման խնդրին, ան նշած է, որ նման ցաւը գումարով կամ որեւէ այլ բանով փոխհատուցել կարելի չէ: «Մենք եթէ ցեղասպանութիւն անուանենք, մեզմէ գումար կամ հող պիտի չուզեն: Իրականութեան մէջ ատիկա մարդկութեան դէմ յանցանք եղած է, ատոր համար փոխհատուցում կը կարողանանք տալ, սակայն գումարը ցաւը չի մեղմեր»( ըսած է ան): Ծագումով Քիւրտ Պատգամաւորի համոզմամբ` խնդիրը լուծելու միակ ճանապարհը Ցեղասպանութիւնը ճանչնալն ու ցաւը բաժնեկցիլն է:
Ան նշած է, որ իրենք առաջարկ պիտի ներկայացնեն` Ապրիլ 24-ը ՝՝ՍՈՒԳԻ եւ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ՝՝ հռչակելու մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.