2012-04-26 12:35:31

Անկլիգան Աստուածաշունչի Մէկ Դպրոցը Բռնութեան Թիրախ Սուտանի Մէջ։


Աւելի քան 500 մոլեռանդ մահմետականներ յարձակում կատարած են Սուտանի Անկլիգան Աստուածաշունչի դպրոցի մը դէմ կործանելով անոր կառոյցները եւ արմատախիլ ընելով ծառերը, հակառակ ոստիկանութեան ներկայութեան, որ ոչ մէկ միջամտութիւն կատարած է, յայտարարած է թեմի առաջնորդը։
Նշենք որ Սուտանը եւ հարաւային Սուտանը զինեալ ընդհարումի մէջ են Հեկլիկի շրջանի քարիւղին պատճառաւ եւ այդ փախումներու հետեւանքով Սուտան մայրաքաղաքի քրիստոնեայ հասարակութիւնը մեծապէս կը տուժէ։ Այս պատճառաւ երկրի եպիսկոպոսները կը պահանջեն բանակցութիւններու անմիջական վերահաստատումը երկու երկիրներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.