2012-04-25 13:21:51

Լոյս Տեսած՝ Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու Ագարակը» Եւ «Զմիւռնիայի Ճանապարհը» Վէպերու Հայերէն Թարգմանութիւնը:


"Զանգակ» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է հանրայայտ իտալահայ գրող Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու Ագարակը» եւ «Զմիւռնիայի ճանապարհը» վէպերու հայերէն թարգմանութեան («Արտոյտներու Ագարակը» առաջին հրատարակութիւն՝ Երեւան, 2007): Հրատարակութիւնը իրականացած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք 2012» նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ:
Ի տարբերութիւն «Արտոյտներու Ագարակը» վէպին, որուն հայերէն թարգմանութիւնը կատարուած է անգլերէն, գերմաներէն, սպաներէն, յունարէն, հոլանտերէն, շուէտերէն, ֆրանսերէն, ճափոներէն թարգմանութիւններէն ետք, այսօր «Զմիւռնիայի ճանապարհը» վէպը աշխարհի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ թարգմանաբար կը ներկայացուի։
Անթոնիա Արսլան եղած է իտալական արդի եւ ժամանակակից գրականութեան փրոֆեսէօր, Փատովայի յանրայայտ Համալսարանին մէջ: 2004 թուականին ան գրած է իր առաջին վէպը՝ «Արտոյտներու Ագարակը», որ հեղինակին տուած է համաշխարհային ճանաչում (Կինոհանները -Թավիանի Եղբայրները)
2009ին լոյս տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Զմիւռնիայի ճանապարհը» վէպը, 2010 ին՝ «Ishtar–2. Cronache del mio risveglio» յուշագրութիւնը, 2011ին՝ «Il cortile dei girasoli parlanti» վէպը եւ 2012ին՝ «Il libro di Mush»ը, զոր իտալահայ հեղինակը գրած է «Մշոյ ճառընտիր» հայկական մեծագոյն ձեռագիրի փրկութեան պատմութեան շուրջ:
՝՝Արտոյտներու Ագարակը՝՝եւ «Զմիւռնիայի ճանապարհը» վէպերու թարգամանութիւնը կատարած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Վենետիկի համալսարանի դասախօս Սոնա Յարութիւնեանը, որ, ի շարս բազմաթիւ գիտական հրապարակումներու՝ Տանթէի հայերէն թարգմանութիւններու շուրջ, հայ ընթերցողին նշանաւոր է «Հայերի Վենետիկը» գիրքի թարգմանութեամբ, որուն յատուկ պատրաստուած օրինակը 2011ի Դեկտեմբերի 14ին՝ հայ գրատպութեան 500ամեայ յոբելեանի առթիւ Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ գտնուող Մխիթարեան Մայրավանքին մէջ Սոնա Յարութիւնեանը պատիւ ունեցաւ ընծայելու աշխատանքային այցելութեամբ Իտալիա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.