2012-04-25 13:21:41

Ապրիլ 24-ը Հայոց Եղեռնի Զոհերու Յիշատակի Օր։


Ապրիլ 24-ի առաւօտ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, ուղեկցութեամբ թեմակալ Առաջնորդներուն եւ Մայր Աթոռի Միաբաններուն , այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրը յարգանքի տուրք մատուցելու Հայ Ազգի բիւրաւոր Նահատակներու յիշատակին, եւ ուր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, եւ Հայոց Պետական Աւագանիի ներկայութեամբ կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Նոյն օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցուեաւ ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի միաբան Տ. Նաթան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը։

Արարողութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին։ Հայ ժողովուրդը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ բարձրացաւ Գողգոթա, հանուեցաւ Խաչ , պայքարեցաւ ու Անոր հետ երրորդ օրը Յարութիւն առաւ։ 20-րդ դարու սկիզբը 1915 թուականը հայոց Գողգոթան է , սակայն ոչ մահը ազգին, տառապանք եւ սուգ, սակայն ոչ վերջը Հայ ժողովուրդի։
Սրբազան Հայրը նաեւ ընդծեց, որ հայ ժողովուրդի վրէժխնդրութիւնը ոչ թէ արեամբ ու մահով պէտք է ըլլայ , այլ կեանքով ու ստեղծագործութեամբ, Հայրենիքի պայծառութեամբը եւ աշխարհասփիւռ Հայ Ժողովուրդի բարօրութեամբ։ Այսօր մենք վրէժխնդիր ենք մեր Հայրենիքով, մեր ժողովրդով, մեր մշակոյթով եւ արդարութեան համար մեր պայքարի շարունակականութեամբ։ Այսօր Հայ ժողովուրդը ոչ թէ կը գոյատեւէ , այլ կ՝ապրի որպէս ժողովուրդ, որպէս մշակոյթ ստեղծող, որպէս մարդկային ազգի կարեւոր մէկ մասը ( ըսաւ Նաթան Սրբազանը) պատգամելով հետեւեալը ՝՝վրէժխնդիր ըլլալ Հայրենիքը շէնացնելով, Հայաստանը յարատեւ պահելով, զայն սիրելով ու փայփայելով, որովհետեւ ան է Հայ ժողովուրդի յաւիտենութեան գրաւականը՝՝։
Սուրբ Պատարագին ու Հոգեհանստին իրենց մասնացկութիւնը բերած էին նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի Պապական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Մարեկ Սոլչինսկի-ն, Ու Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.