՝՝Անհրաժեշտութիւն է Վերադարձնել կամ Փոխհատուցել Բռնագրաւուած Կալուածները՝՝. Պոլսոյ
Ցուցարարներուն Նամակը Արամ Ա.ին Վեհափառին։
Թուրքիոյ «Մարդու Իրաւունքներու Կազմակերպութիւն»ը Պոլսոյ մէջ ցոյց մը կազմակերպեց 24
Ապրիլին, պահանջելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ապա խումբը քայլերթով ուղղուեցաւ
դէպիՊոլսոյ պատմական Նամակատունը եւ նամակ մը ուղարկած՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Ստորեւ
կը ներկայացնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ուղարկուած նամակը:
«Վեհափառ Տէր, «Այսօր՝ 24 Ապրիլ 2012, Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը խորհրդանշող
Պոլսահայ մտաւորականներու ձերբակալման 97-րդ տարելիցն է: «24 Ապրիլ 1915-ի ձերբակալութիւնները
սկիզբն էին գործընթացի մը, որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ( որ ոչ միայն
դարեր շարունակ Հայոց հոգեւոր կեդրոններէն մէկն էր, այլ նաեւ մշակութային ու ընկերային
ինքնութեան մը ներկայացուցիչը ) իր սեփական հողէն վտարուելով աքսորուեցաւ Անթիլիաս: «Մենք՝
Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, այս նամակով կը փափաքինք յայտարարել
մեր հաստատ համոզումը թէ Կաթողիկոսութեանդ սեփական վայրը այս պատմական հողերն են: «Նաեւ
յարգանքով կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհ գացած, իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցած,
հայրենի հողին վրայ իրենց պատմական հետքերուն ջնջման փաստին առջեւ գտնուած օսմանեան հայերու
յիշատակին առջեւ: «Այս նամակով կը յայտնենք նաեւ թէ պաշտպան կը կանգնինք Ցեղասպանութենէն
վերապրած ու աշխարհի չորս կողմերը ցրուած հայերու զաւակներուն եւ թոռներուն իրաւունքներուն: «Կը
ձայնակցինք ՁերՎեհափառութեան 31 Օգոստոս 2011 թուակիր ու Թուրքիոյ Վարչապետին ուղղուած
նամակին, որ կը վերաբերէր ոչ-իսլամական «վագըֆ»ներու (հիմնարկներու) կալուածները իրենց
օրինական տէրերուն վերադարձնելու պահանջին: Նշուած նամակով կը յիշեցնէիք. «Մեծի Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բազմաթիւ եկեղեցիներու,
հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու
եկեղեցապատկան կալուածներու, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն բռնագրաւուեցան
թուրք պետութեան կողմէ»: «Ինչպէս նաեւ նշած էք. «Հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ օրինական
սեփականատէրը տուներուն, գործատեղիներուն ու կալուածներուն` ժառանգուած իրենց նախահայրերէն,
որոնք զոհ գացին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան»: «Ձեր
նամակով կը շեշտէիք՝ «Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի Թուրքիայէն արդարութի՛ւն պահանջելէ
Հայոց Ցեղասպանութեան համար, եւ երբեք պիտի չդադրի իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը
պահանջելէ»: Ձեր խօսքը վարչապետին ուղղելով կ'աւելցնէիք. «Պրն. վարչապետ, արդարութեան
եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ յանձնառու ըլլալու ձեր յայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական
այն ատեն միայն, երբ ճանչնաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: «Այս նամակով կ'ուզենք յայտնել
Ձեր Վեհափառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի համայն հայութեան, թէ Ձեր պահանջները մարդկային
ամէնէն հիմնական իրաւունքներու համազօր են։ «24 Ապրիլ 2011-ին, երբ մէկտեղուած էինք
1915-ին ձերբակալուած մտաւորականներու յիշատակը ոգեկոչելու, նոյն պահուն կը սպաննուէր
Պաթման նահանգի թրքական բանակի զօրամասին մէջ ստիպողական զինուորական ծառայութիւն ընող
հայ երիտասարդ՝ Սեւակ Շահին Պալըքճըն: «Հակասական բացատրութիւններով հանդէս եկած պատկան
մարմինները, ոճիրը համարեցին պարզ «արկած» մը: Մինչդեռ հարցաքննութիւններու եւ խուզարկութիւններու
արդիւնքները արդէն ցոյց կու տային թէ կատարուածը ոճիր մըն էր: «Սեւակ Պալըքճըի մահը
կը փաստէ թէ 1915-էն ի վեր հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին Թուրքիոյ մէջ, դեռ կը շարունակուի
ցեղասպանութիւնը եւ 97 տարուան ժխտողականութիւնը իսկական պատճառն է ցեղասպանական այս
երեւոյթին գոյատեւման: «24 Ապրիլ 1915-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնով սկսած
բնաջնջումը շարունակուեցաւ ներառնելով ասորիները եւ Անատոլուի յոյները: «Այս նամակով
Ձեզի եւ Ձեր միջոցաւ բոլոր վերապրողներու զաւակներուն կը յայտարարենք թէ արդարութեան
հաստատման համար անհրաժեշտ պայման է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտութիւն է վերադարձնել
կամ փոխհատուցել բռնագրաւուած կալուածները եւ ինչքերը»: Յարգանօք՝ Մարդկային Իրաւանց
Միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբ
։