Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ Հայր Փետերիքօ Լոմպարտին Իր շաբաթական խմբագրականին
մէջ, նշելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գահակալութեան 7-րդ տարեդարձը, յոյս
յատնած է որ ՝՝Սրբազան Հօր խօսքերը՝՝ աւելի յարգանքով ունկնդրուին։ Հայր Լոմպարտին ապա
անդրադարձած է յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկներուն ինչպէս ՜՜Հաւատոյ
Տարին, Նոր Սւետարանացումի Սիւնհոդոսը, եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի աշխատանքներու
սկզբնաւորութեան 50րդ տարեդաձը՝՝ ու նաեւ ՜՜Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք առաելական
ճամբորդութիւնը՝ Արեւելքի եկեղեցիներու յանձնելու Արեւելքի Եկղեցւոյ ի սպաս 2010ին գումարուած
Սիւհոդոսի յետ սիւհոդոսական յորդորագիրը՝՝։ Հայր Լոմպարտին ապա կ՝անդրադառնայ <<մանկապղծութեան>>
հարցին, մաղթելով որ՝ համայն եկեղեցւոյ մէջ կանխարգիլումը եւ մաքրագործումը աւելիով
ուժեղանայ բոլոր եպիսկոպոսական դասերու յանձնառումով։